2014-06-13 10:04:02

Սուրիոյ խաղաղութեան վերահաստատման համար միասնական աղօթք Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ։


Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ «ճգնաժամը Սուրիոյ մէջ. մարտահրաւէրներ հաւատքի համայնքներու համար» թեմայով խորհրդակցութեան մասնակիցներու ներկայութեամբ, Յունիս 12-ին Սուրբ Գայեանէ վանքի մէջ տեղի պիտի ունենայ միասնական աղօթք Մերձաւոր Արեւելքի եւ, մասնաւորապէս, Սուրիոյ խաղաղութեան վերահաստատման համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական ծառայութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.