- Երանելի Լուտովիկօ Էտուարտօ Չէսթակը բարեխօսութեամբ
կատարուած հրաշքը։ Հայր Լուտովիկօ ծնած է ֆրանսա, 6 յունուար 1801-ին եւ վախճանած է 27
մարտ 1868-ին։ Ան եղած է թեմական քահանայ եւ հիմնած է ՝՝Սուրբ Կոյս Մարիամի զաւակները
կոչուած հաստատութիւնը՝՝
- Երանելի Իրէնէ Սթէֆանիի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը։ Քոյր
Իրէնէ ծնած է 22 Օգոստոս 1891-ին Իտալիոյ Անֆօ կուչուած քաղաքը եւ վախճանած է 31 հոկտեմբեր
1930-ին։ Ան եղած է անդամ Քոնսոլաթա կոչուած միսիոնարական մայրապետներու միաբանութեան։
Սրբազան
Քահանայապետը ապա ճանչցաւ ''հերոսական առաքինութիւնները''
- Աստուծոյ ծառայ Լուիճի
Սավարէյի որ ծնած է 15 օգոստոս 1878-ին Իտալիոյ Քրէմոնա քաղաքը եւ վախճանած է 22 մարտ
1949-ին։ Ան եղած է թեմական քահանայ ։
- Աստուծոյ ծառայ Էուճէնիոյ Ռէֆֆոյի, ծնած
է 22 յունուար 1843-ին Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ եւ վախճանած է 9 մայիս 1925-ին։ Ան
որպէս քահանայ եղած է անդամ եւ հիմնադիրներէն մին՝ Սուրբ Յովսէփի միաբանութեան ։
-
Աստուծոյ աղախին Սիրտ Յիսուսի Մատտալէնային, աւազանի անունով Ֆրանչէսքա Մարկէրիթա Թայլորի։
Ծնած է 20 յունուար 1832-ին Անգլիոյ Սթոք Ռոքֆորտ քաղաքը եւ վախճանած է 9 յունիս 1900-ին։
Եղած է հիմնադրուհին ՝՝Մայր Աստուծոյ աղքատ աղախիններու՝՝ կոչուած միաբանութեան։
-
Աստուծոյ աղախին Մարիա Ճուզէփփա Սքանտոլա։ Քոյր Մարիա ծնած է 26 յունուար 1849-ին Իտալիոյ
Պոսքօ Քիէզանովա կոչուած քաղաքը եւ վախճանած է 26 յունուար 1 սեպտեմբերի 1903-ին ։Ան
եղած է անդամ որպէս մայրապետ Միսոնարական քոյրերու Փիէ Մատրի Տէլլա Նիկրիցիա կոչուած
միաբանութեան։
- Աստուծոյ աղախին Իթալա Մէլայի։Ծնած` Իտալիոյ Լա Սփէցիա քաղաքին
մէջ 28 օգոստոս 1904-ին եւ վախճանած է 29 ապրիլ 1957-ին։ Ան եղած է անդամ Սան Փաուլօ
Ֆուորի լէ մուրայի Պենետիկտեան կրօնաւորուհիներու վանքին։
Եւ Աստուծոյ ծառայ
Ուլպէրթօ Մորիի։ Եղբայր Ուլպէրթօ ծնած է Իտալիոյ Մոտէնա քաղաքը 28 յունուար 1926-ին եւ
վախճանած է 6 սեպտեմբեր 1989-ին ։ Ան եղած է աշխարհական՝ ընտանիքի հայր։