2014-06-13 09:57:41

Հայ ընտանիքը եւ գաղթականութիւնը


RealAudioMP3 Մեր հաղորդումի նիւթերուն մէջ անդրադարձած էինք հայ ընտանիքին գլխաւոր մարտահրաւէրներուն մասին: Ըսած էինք որ ընկերա-տնտեսական խնդիրներու շարքին մէջ, արտագաղթը դիտուած է որպէս հայ ընտանիքներուն ամենալուրջ սպառնալիքներէն մէկը:
Հայոց գաղթը վաղուց ի վեր գոյութիւն ունեցած է: Պատմական տուեալներու համաձայն, հայերու առաջին գաղթը տեղի ունեցած է 7-րդ դարուն 631-638-674 թուականներուն, երբ արաբները տիրացած էին Սուրիոյ ապա Հայաստանին: 654 թուականին արաբները գրաւելով հայկական Դուին քաղաքը, 35000 հայեր գերեվարած են ու փոխադրած Դամասկոս: Ըստ կարգ մը պատմական իրողութիւններու եօթներորդ դարու կիսուն՝ հայկական փոքր գաղութ մը գոյութիւն ունեցած է Դամասկոսի մէջ:
Հայերու երկրորդ գաղթը իրականացած է 717-728 տարիներուն, Ապպասեան խալիֆայութեան շրջանին՝ 750-1258 տարիներուն: Հայեր Սուրիա եւ միջագետք գաղթած են՝ խոյս տալով բիւզանդական լուծէն ինչպէս նաեւ սելճուքներու եւ թաթարներու հալածանքներէն:
Հայկական զանգուածային մեծագոյն գաղթերը մանաւանդ դէպի Սուրիա սկսած է ԺԹ. դարուն, Օսմանեան կառավարութեան հայահալած եւ հայաջինջ քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, 1876, 1894, 1896, 1909, Մեծ Եղեռնին 1915 եւ 1922-ին: Ընդհանուր առմամբ ԺԹ. դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկզբը Արմ. Հայաստանէն եւ Թուրքիայի հայաբնակ շրջաններուն Ռուսաստան, Պարսկաստան, Պալգանեան երկրներ, Ֆրանսայ, Անգլիայ, եւ Ամերիկա գաղթած են մօտ 290 հազար հայեր: Գաղթականներու մեծ մասը յայտնուած է թշուառ ու անօգնական վիճակի մէջ, աոանց գոյութեան միջոցներու: Զանոնք օգնելու նպատակով ինչպէս Անդրկովկասի եւ Ռուսաստանի մէջ, այնպէս ալ արտասահմանեան երկրներու հայաբնակ վայրերուն մէջ կազմակերպուած են բարեգործական ընկերութիւններ:
Գաղթականութեան հզօր ալիքը սաստկացած էր 1914-18-ի առաջին համաշխ. պատերազմի պայմաններուն մէջ թրքական կառավարութեան ձեռնարկած՝ հայերու զանգուածային ջարդերով ու տեղահանութեամբ: Բազմաթիւ արեւմտահայեր եւ պարսկահայեր գաղթեցին ինչպէս Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպական երկրներ, այնպէս ալ ռուսական պետութեան ներքին շրջաններ:
Հայկական վերջին գաղթը տեղի ունեցած է 1939-ին կնքուած Ֆրանքօ-Թրքական համաձայնագրով: Հայերը գաղթականութեան շրջանին իրենց հետ բերած են շատ մը արհեստներ, ոսկերչութիւն, մետաքսագործութիւն եւ այլ արհեստներ:
Երբ կը խօսինք հայոց գաղթականութեան մասին չենք կրնար չ՛անդրադառնալ Ռուսաստանի մէջ Հայերու թիւի արագընթաց աճումին: Վերջին 20 տարիներու ընթացքին հայերու թուաքանակը Ռուսաստանի մէջ կրկնապատկուած է, կը պնդեն ռուսաստանցի մասնագէտները: Եթէ 1989-ին հայերու քանակը Ռուսաստանի տարածքէն ներս 532 հազար էր, ապա 2010-ին իրագործուած մարդահամարի տուեալներով՝ հայերու թուաքանակը Ռուսաստանի տարածքէն ներս արդէն 1 միլիոն 180 հազար կը կազմէ: Պէտք է յստակօրէն ըսել թէ հայերու թուաքանակի կտրուկ աճը ծննդաբերութեան բարձր ցուցանիշի վկայութիւն մը չէ, այլ պարզապէս մայր Հայրենիքի դատարկման անպատասխանատու քաղաքականութիւնն է: 2008-2010ի ընթացքին 50.000է մինչեւ 100.000 հայ ներգաղթած է Ռուսաստան: Հայերու աւելի քան 60% տոկոսի տարիքը 20է մինչեւ 60 տարեկան է: Հպարտանալիք ցուցանիշ մը չէ ասիկայ, այլ հայոց պատմութեան էջերու մէջ սեւ կէտ մըն է, ուր հայ ընտանիքները աւելիով կը քայքայուին, աւելիով կո ցուլուին: Եթէ այսօր մեր մայր հայրենիքը հը հպարտանայ որ հայերը Ռուսաստանի տարածքին բնակող ազգերու թիւին մէջ, թուաքանակի հիմամբ՝ եօթերորդն են, շատերուս համար սակայն մեծ ցաւ մըն է, երբ կը տեսնենք որ մեր հայրենիքը Հայաստան կը դառնայ դատարկաստան:







All the contents on this site are copyrighted ©.