2014-06-13 11:23:20

Արեւելեան ժողովի յայտարարութիւնը Իրաքի ներկայ մտահոգիչ կացութեան մասին։


Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի` Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը ու անոր անձնակազմը մտահոգութեամբ կը հետեւին Իրաքի տագնապին։
Կարտինալը Քաղտիացիներու պատրիարքին ու եկեղեցւոյ կը յայտնէ իր մօտիկութիւնը։ Քաղտիոյ եկեղեցին նեցուկ կը կանգնի Իրաքի թէ իսլամ թէ քրիստոնեայ ժողովուրդին, որ` վերապրելու համար, պարտադրուեցան հեռանալ իրենց բնակավայրերէն։
Աբրահամ նահապետի այս հողի բնակիչները անգամ մը եւս պարտադրուած են գաղթել եւ զինուորական յարձակումներու հետեւանքով տասնեակ հարիւրաւոր այրեր, կիներ ու մանուկներ կորսնցուցին իրենց կայունութիւնն ու կեանքը – յայտնած է Կարտինալ Սանտրին։ Ան ապա հեռաձայնային կապ հաստատած է Մոսուլի առաջնորդ գերապայծառ Նոնային հետ յայտնելով իր եւ Ս. Աթոռի մօտիկութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը օգնութեան հասնելու բնակչութեան։
Մոսուլի առաջնորդը իր կարգին երաշխաւորած է որ բաց կը պահէ թեմի եկեղեցիները, դպրոցները ու կաթողիկէ բոլոր վայրերը, հիւրընկալելու համատ փախստականներն ու անօթեւանները։








All the contents on this site are copyrighted ©.