2014-06-13 10:10:00

Ապպաս պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները շարունակելու։


Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ պատրաստ է պաղեստինեան պետութեան հաստատման համար շարունակելու Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները, որոնց առաջին երեք ամիսները պէտք է յատկացուին սահմաններու հարցի քննարկման, ապա պէտք է քննարկուին վերջնական կարգավիճակի մնացեալ հարցերը:
Ապպաս իր ղեկավարած Ֆաթհ շարժումին խորհրդատու խորհուրդին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ բանակցութեանց սեղան վերադառնալու համար պէտք է ազատ արձակուին Օսլոյի համաձայնութենէն առաջ ձերբակալուած պաղեստինցիները, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի մէջ բնակեցման աշխատանքները պէտք է դադրին:








All the contents on this site are copyrighted ©.