2014-06-12 11:36:16

Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը ''ոտնագունդի համաշխարհային ախոյեանութեան'' առթիւ։


''Ոտնագունդի Համաշխարհային ախոյեանութիւնը թող ընթանայ անդորրութեան մէջ, փոխադարձ յարգանքի եւ զօրակցութեան հոգիով եւ մէկ ընտանիքի անդամ մարդոց միջեւ եղբայրութեան զգացումով'', այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, Պրազիլի ''Կլոպօ'' կայանէն սփռուած լսատեսողական պատգամի մէջ արտայայտուած մաղթանքը, ոտնագունդի համաշխարհային ախոյեանութեան առթիւ, որ սկիզբ կ՛առնէ այսօր` 12 Յունիսին, Պրազիլի մէջ ու վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ 13 Յուլիսին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յոյս կը յայտնէ թէ ''մարզական տօնախմբութենէն անդին, ոտնագունդի այս ախոյեանութիւնը դառնայ ազգերու միջեւ զօրակցութեան տօն։ Մարզանքը, գործիք մըն է – կ՛ըսէ Քահանայապետը – արտայայտելու մարդ արարածի բարիքը զարգացնող արժէքները, ան կ՛օժանդակէ նաեւ կերտելու աւելի խաղաղ ու եղբայրական ընկերութիւն մը։
Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ապա կը նշէ մարզանքի երեք յատկութիւններ. ''մարզուիլը, օրինաւորութիւնը եւ հակառակորդներու յարգանքը''։ Կեանքի մէջ հարկաւոր է պայքարիլ, մարզուիլ ու յանձնառու ըլլալ կարեւոր արդիւնքի ձգտելու համար։ Մարզանքի հոգին կը բացայայտէ զոհողութեան արժէքը, աճեցնելու այն առաքինութիւնները որոնք կը կերտեն մարդու մը նկարագիրը։ Եթէ մարդու մը բարելաւութեան համար ''մարզանքը'' անհրաժեշտ է, անհատներու եւ ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումի եւ խաղաղութեան ձգտելու համար, աւելի ջանք ու յանձնառում պէտք է'', կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով օրինականութեան որ ''պէտք է ազգերու միջեւ ներդաշնակութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատէ''։
Յաղթելու համար պէտք է գերազանցել անհատապաշտութիւնը, եսասիրութիւնը, ցեղապաշտութիւնը, անհանդուրժողութիւնն ու մարդ արարածի շահագործումը – կը յայտնէ Քահանայապետը ու կ՛աւելցնէ - Այնպէս ինչպէս ոտնագունդի խաղի ընթացքին անհատապաշտութիւնը արգելք մըն է բոլոր խումբին համար, նոյնպէս կեանքին մէջ, անհատապաշտութեամբ, կ՛անտեսուին մեզ շրջապատող անձերը ու համայն ընկերութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ կ՛ընդգծէ թէ ''յաղթանակի գաղտնիքը, ըլլայ խաղի դաշտի վրայ ըլլայ կեանքին մէջ, կը կայանայ խումբի անդամ ընկերս ու նաեւ հակառակորդս յարգելու մէջ։''Ոչ մէկը մինակը կարող է յաղթել, ոչ դաշտի վրայ եւ ոչ ալ կեանքին մէջ'' – կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը զգուշացնելով ''կղզիացումէն'' եւ ''զրկուածութենէն''։ Ան ապա պատգամի աւարտին, շնորհակալութին կը յայտնէ իրեն տրուած` պատգամ ուղղելու կարելիութեան, ու բոլորին կը վստահեցնէ իր աղօթքները, հայցելով Աստուածային առատ օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.