2014-06-12 10:42:55

Քաղտիացիներու Պատրիարքի կոչը ազգային միութեան


Իրաքի Մոսուլ Քաղաքի` ծայրայեղ մահմետականներու ձեռքը ողբերգական անկումէն ետք, Քաղտիացիներու Պատրիարքը` գերերջանիկ Լուիս Սաքօ, 11 յունիս 2014-ին, կոչ ուղղած է կազմելու ''ազգային միութեան կառավարութիւն մը'' հզօրացնելու ու պաշտպանելու համար երկիրը։
Պատրիարքը միաժամանակ հրաւիրած է իր հայրենակիցները միութեան` պաշտպանելու անմեղ քաղաքացիները ու անոնց սեփականութիւնը։
Նշենք որ սիւննի ծայրայեղները արդէն ներկայ էին հիւսիսային Սուրիա եւ ներկայիս կ'աշխատին մահմետական պետութիւն մը կազմել Իրաքի մէջ, հակազդելու շիիթներու կառավարութեան։
Մոսուլ քաղաքի անկումէն ետք, ծայրայեղ մահմետականները բռնագրաւած են Քիրքուք մարզի մեծ մասը։ Բռնագրաւումէն անմիջապէս ետք Մոսուլ թեմի առաջնորդը եւ քաղաքի բոլոր քահանաները ապաստան գտած են շրջակայ քրիստոնեայ գիւղերուն մէջ։
Նոյնպէս բազմաթիւ քրիստոնեաներ Մոսուլէն հեռացած են խուսափելու համար ահաբեկիչներու յարձակումներուն։ Գերապայծառ Էմիլ Նոնա խնդրած է բաց պահել մզկիթներն ու եկեղեցիները որպէսզի հաւատացեալները աղօթեն խաղաղութեան համար. Ան նմանապէս կոչ ուղղած է փուռապաններուն` հաց երաշխաւորել բոլոր քաղաքացիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.