2014-06-12 10:24:04

Յաղթանակը անխուսափելի է, նոյնիսկ եթէ ատիկա ժամանակ պահանջէ. Պաշշար Ալ Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք աւելի քան երբեք համոզուած է, որ սուրիացի ժողովուրդը կարողութիւնը ունի «Սուրիոյ պատմութեան այս սեւ հանգրուանը շրջանցելու»: Ան ըսաւ, որ նախագահական ընտրութիւնը ցոյց տուած է, որ «հակառակ քարոզչութեան, հրահրումին, հաւատադրժողութեան, ահաբեկչութեան եւ արտաքին դաւադրութեան, մարդիկ չեն փոխուած»: Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթը։
Ասատ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիան պաշտպանելով ոչ միայն ուզած է հաստատել իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող ուժեղ դաշինքը, այլ նաեւ վերականգնել համաշխարհային համակարգի հաւասարակշռութիւնը, որ քանդուած էր Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք: Ան ըսաւ, որ Իրան կը գիտակցի, որ Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմը զինք եւս թիրախ կը դարձնէ, որովհետեւ դիմադրութեան ուղղուածութիւնն ու անոր աջակցութիւնը թիրախ կը դարձնէ: Ան համոզում յայտնեց, որ Իրան Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքը պիտի չփոխէ` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը իրենք սկսած են կեցուածքի փոփոխութեան նշաններ տալ:
Ասատ ըսաւ, որ թրքական կեցուածքը տակաւին չփոխուեցաւ, սակայն ինք կը գիտակցի, որ Անգարայի ուղղութեամբ իրանեան շարժումը չի կրնար Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան աջակցութիւնը անտեսել: «Ատիկա նախագահ Ռուհանիի խօսքին մէջ յստակ կ՛երեւէր», ըսաւ ան:
“Յաղթանակը անխուսափելի է, նոյնիսկ եթէ ատիկա ժամանակ պահանջէ”, յայտարարեց Ասատ:
Սուրիոյ նախագահը ընդգծեց, որ «երկխօսութիւնը, երկխօսութեան մշակոյթը, մարդիկ ուրիշներու հետ երկխօսելու վարժեցնելը» ներկայ հանգրուանի խորագիրին վերածուած են: Ան ըսաւ նաեւ, որ երկխօսութիւնը իր երրորդ նստաշրջանի հիմնաքարն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.