2014-06-12 10:12:31

Իսրայէլի Նախագահ ընտրուած է Ռովեն Ռիվլին


Իսրայէլի նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ հանգրուանին յաջողութիւն արձանագրեց «Լիքուտ» կուսակցութեան երեսփոխան, Քնեսեթի նախկին նախագահ Ռովեն Ռիվլինը:
Իսրայէլ խորհրդարանական հանրապետութիւն է, անոր օրէնքին հիմամբ խորհրդարանն է, որ կ՛ընտրէ երկրին նախագահը:
«Ճերուզալեմ Փոսթ» կը հաղորդէ, որ Ռիվլինի թեկնածութեան ի նպաստ քուէարկած են 63 երեսփոխաններ, իսկ անոր մրցակից` Մէյիր Շիթրիթը ստացած է 53 ձայն:
Այսպիսով, յուլիսին կ՛աւարտի Շիմոն Փերեսի նախագահութեան 7-ամեայ ժամկէտը եւ Ռիվլին կը դառնայ Իսրայէլի տասներորդ նախագահը:
Նշենք, որ թէ՛ խորհրդարանի նախագահ եւ թէ՛ անպաշտօն երեսփոխան եղած տարիներուն Ռիվլին բազմիցս արտայայտուած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օգտին: Մասնաւորապէս, այս տարուան մայիսին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ան ըսած է. «Դժուար է ներել մեր ողբերգութիւնը անտեսած ազգերուն, եւ չենք կրնար անտեսել միւս ազգերուն ողբերգութիւնը: Իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հրեայ` ասիկա մեր բարոյական պարտքն է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.