2014-06-12 10:38:40

Էջմիածինի մէջ. «Սուրիոյ ճգնաժամը. մարտահրաւէրներ հաւատքի համայնքներուն համար» նիւթով միջազգային խորհրդաժողով։


Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հրաւէրով, նախագահութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Օլաւ Թուէյթի, 11 յունիսին Ս. Էջմիածինի մէջ սկսաւ «Ճգնաժամը Սուրիոյ մէջ. մարտահրաւէրներ հաւատքի համայնքներուն համար» նիւթով միջազգային երկօրեայ խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքէն, Սուրիայէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ գործող տարբեր երկիրներու դեսպաններ եւ ներկայացուցիչներ: Նշենք, թէ Հայ կաթողիկէ համայնքէն սոյն խորհրդաժողովին կը մասնակցի՝ Հայաստանի Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ «Սուրիոյ պատերազմի չարիքը խլած է մեծաթիւ անմեղ կեանքեր եւ այդ պատերազմը իր հետեւանքները կ՛ունենայ շրջանի քրիստոնեաներուն կեանքին վրայ: Թուրքիոյ աջակցութեամբ ծայրայեղ իսլամականներու կողմէ Սուրիոյ Քեսապ քաղաքին եւ Դամասկոսի ու Հալէպի հայկական թաղամասերուն վրայ կատարուած յարձակումները տակաւին կը շարունակուին: Թուրքիոյ այս քայլերը մեր ժողովուրդը իրաւացիօրէն կը գնահատէ իբրեւ Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցի նախաշեմին կրնանք հաստատել, որ հայ ժողովուրդը չէ մոռցած իր կրած կորուստի եւ տեղահանութեան ցաւը», յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Ապա խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, որ գնահատելով խորհրդաժողովին աշխատանքները յոյս յայտնեց, որ անոր արդիւնքները կը նպաստեն Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ միջկրօնական երկխօսութեան հաստատումին:
Նշենք, որ երկօրեայ խորհրդաժողովի նիստերուն ընթացքին պիտի քննարկուին հետեւեալ նիւթերը` «Սուրիոյ մէջ քաղաքական զարգացումները եւ մարդասիրական հեռանկարները», «Քրիստոնեաներուն ներկայութիւնն ու վկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի եւ արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն իբրեւ արդիւնք», «Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները եւ անոնց հեռանկարները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.