2014-06-12 10:27:18

Երեւանի մէջ մեկնարկեց հաշմանդամներու հանրապետական 12րդ մարզական փառատօնը։


ԵՐԵՒԱՆ.– 10 Յունիսին Կարմիր խաչի վերականգնողական կեդրոնին մէջ մեկնարկեց հաշմանդամներու հանրապետական 12րդ մարզական փառատօնը, զոր կազմակերպած էր «Հայաստանի ազգային պարալիմպիկ կոմիտէ» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Փիւնիկ» Հայաստանի հաշմանդամներու միութեան, Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութիւններու եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖի հայաստանեան գրասենեակի աջակցութեամբ: Փառատօնը, որուն կը մասնակցին հաշմանդամութիւն ունեցող 14 եւ աւելի բարձր տարիքի մօտ 100 մարզիկներ՝ Հայաստանի հանրապետութեան տարբեր մարզերէն, պիտի տեւէ մինչեւ 12 Յունիս: Փառատօնին նաեւ կ՛աջակցին Երեւան ջուրը եւ«Մոպիլիթի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը:
Մարզիկները պիտի մրցին վեց մարզաձեւերու մէջ՝ լող, ծանրամարտ, բազկամարտ, պասքեթպոլ, ճատրակ եւ թենիս: Փառատօնի երկրորդ օրը անոնք պիտի մասնակցին «Ի՞նչ, որտե՞ղ, ե՞րբ» մտային խաղին:
«Այս փառատօնը եզակի հնարաւորութիւններից մէկն է հաշմանդամութիւն ունեցող երիտասարդների շրջանում ներառական սպորտն ու պարալիմպիկ սպորտը խթանելու համար: Հաշմանդամութիւն ունեցող երիտասարդները իրենց հասակակիցների հետ մրցելու արդիւնքում վեր կը հանեն իրենց ուժեղ կողմերն ու ներուժը, որը կը նպաստի իրենց ինքնահաստատմանն ու ինտեգրմանը հասարակութիւնում», յայտնած է ԵՈՒՆԻՍԵՖի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Հենրիեթ Արենսը: «Ուրախ ենք երիտասարդ մարզիկների կողքին տեսնելու իրենց քաջալերող եւ մշտապէս աջակից ծնողներին, բարեկամներին, ընկերներին եւ հասարակական կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչներին»։
Փառատօնի երկրորդ օրը տեղի պիտի ունենայ համաժողով, որուն պիտի մասնակցին հաշմանդամային մարզաձեւի առնչուող պետական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Այս տարի համաժողովին պիտի մասնակցին «Մոպիլիթի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան կողմէ ընտրուած վեց փորձագէտներ, որոնք Հայաստան եկած են 5 Յունիսին՝ իրենց փորձառութիւնը հայաստանեան գործընկերներուն հետ բաժնեկցելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.