2014-06-12 10:45:28

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքի


Անտարակոյս, առողջ ընտանիքի առաջին նշանը Սիրոյ մէջ կ՛արտայայտուի։ Սիրով կը ծնինք, սիրով զոյգերը կ՛ամուսնան, սիրով կ՛ապրին, սիրով զաւակներ կը բերեն։ Սակայն, կեանքի իրականութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ սէրը լքուած է։ Սէրը շահագործուած է։ Սէրը ստորագնահատուած, բզքտուած է անձնական շահերու համար։ Սէրը մոլութիւններու եւ ապօրինի գործունէութիւններու գործիքի վերածուած է այս ժամանակներուն։
Ընտանիքը սիրոյ վրայ հիմնուած է, բայց ո՛չ վերոյիշեալ ժխտական մտայնութեան սիրով, որու յաճախ կը հանդիպինք։ Ընտանիքը ճշմարիտ սիրոյ հաստատութիւնն է։ Արդ եթէ սէրը պակսի կամ բացակայի այս հաստատութենէն, ինչո՞վ ընտանիքը պիտի սնանի։
Ընտանիքի խնդիրներու հիմնական տառապանքի կէտը, սիրոյ պակասն ու բացակայութիւնն է։ Սիրոյ սահմանումը դժբախտաբար թերի մնացած է մեր քրիստոնեայ ընկերութեան մէջ։ Սէրը յաճախ տարբեր մեկնաբանութիւններ ստացած է, նոյնիսկ ընտանեկան շրջանակներէն ներս։ Խեղաթիւրուած է անոր էութիւնը, վաճառականացուած կորսնցուցած է անոր վսեմութիւնը։ Անոր համար մեր պարտականութիւնն է, զայն մաքրել, ուղղել եւ վերականգնել անոր ճշմարիտ իմաստը։ Ի՞նչ է սէրը, որ այնքա՜ն էական կը թուի ընտանեկան կեանքի միութեան եւ յաջողութեան։
Սէրը, շատերուն մօտ, զոյգի մը համախոհ եւ միասնական ընթացք մըն է կեանքի ճանապար­ հին։ Ուրիշներուն մօտ, փոխադարձ յարգանքի եւ կամաւոր ենթակայութիւն մըն է մէկը միւսին, կամ միակողմանի կնոջ ենթակայութիւնը իր ամուսինին։ Իսկ ոմանք կան, որոնք սէրը անբացատրելի վիճակ կը նկատեն եւ զգացումի կամ զգացական արտայայտու թիւններուն կը կապեն, ուստի անկարող կը համարեն ինքզինքնին զայն նկարագրել։ Այս բոլոր արտայայտութիւն ները ցոյց կու տան թէ որք՜ան տկար հասկացողութեան զոհ է սէրը եւ օգնութեան կը կարօտի, ըմբռնելու անոր ճշմարիտ իմաստը եւ անոր լոյսին տակ հասկնալ նաեւ ընտանեկան ճշմարիտ կոչումը։ Արդ, վերոյիշեալ ենթադրութիւններէն եւ ոչ մէկուն մէջ է սէրը, եւ ոչ իսկ սիրային յարաբերութիւններու մէջ լոկ։ Սիրոյ սահմանումը, զոհողութեան մէջ կը գտնէ իր իրականացումը։ Զոհողութիւն, որ առանց պայմանի, կատարեալ՝ ամբողջական, անսահման եւ մնայուն տրամադրութեան մէջ կ՛իրականացուի։ Նկարագրուած այս սէրը, Քրիստոսի պատկերին մէջ կը ցոլայ։ Քրիստոս, մեզ փրկելու համար, ի՜նչ սէր սպառեց։ Ս. Պօղոս Փիլիպեցիներու նամակին մէջ կը գրէ. “ Ձեզմէ ամէն մէկը թող խորհի այն ինչ որ կայ Քրիստոս Յիսուսի մէջ, որ Աստուծոյ կերպարանքով էր…այլ անձը ունայնացուց, ծառայի կերպարանք առաւ….եւ հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ եւ խաչի մահը”(Պօղ. Փիլիպ. 2, 5-9) ։ Այս է ճշմարիտ սէրը, որ կը պահանջուի ամուսիններէն։ Այս է գաղտնիքը եւ բանալին, որ կ'ապահովէ ընտանիքի երջանկութիւնը, առողջ եւ յաջող ընթացքը։ Զոհողութիւն եւ ամբողջական անձնուիրում մէկը միւսին։ Այս է ճշմարիտ սէրը որ կը փափաքինք վերահիմնել մեր հայ ընտանիքին մէջ։ Սէրը հասկնալու համար կարելի է կարդալ Ս. Պօղոսի թուղթը Կորնթացիներուն ուղղուած Ա նամակ 13 գլուխ, “օրհներգ սիրոյ”:







All the contents on this site are copyrighted ©.