«Պրազիլը Պատրաստ Է ոտնագունդի աշխարհի Ախոյեանութեան» ըսաւ Ռուսեֆ
Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսեֆ յայտարարած է, որ Պրազիլը ամբողջովին պատրաստ է 2014-ի
ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 12 յունիսէն մինչեւ 13 յուլիս: «Պրազիլը
պատրաստ է աշխարհի ախոյեանութեան սկզբնաւորութեան: Պրազիլը, ինչպէս Յիսուս Քրիստոսը (Ռիօ
տէ Ժանէյրոյի արձանը. «Ա.»), իր գիրկը բացած է` ողջունելու համար իր երկիր ժամանած բոլոր
երկրպագուները», ըսած է նախագահը: Աշխարհի ախոյեանութեան բացման խաղը, որուն ընթացքին
պիտի մրցին Խրուաթիան եւ Պրազիլը, տեղի պիտի ունենայ այսօր (12 Յունիս): ՖԻՖԱ-ի քանի
մը ներկայացուցիչներ անանունութեան պայմանով օրեր առաջ յայտարարած էին, որ Պրազիլը պատրաստ
չէ հիւրընկալելու 2014-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Անոնք նշած էին, որ կարելի չէ տրամադրել
անվտանգութեան նուազագոյն երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ որոշ մարզադաշտեր տակաւին չեն անցուցած
ամբողջական ծանրաբեռնուածութեան փորձարկումներ: ՖԻՖԱ-ի անդամներուն կարծիքով` մեծ խնդիր
կրնան յառաջացնել նաեւ հաւանական գործադուլները, մասնաւորաբար` փոխադրամիջոցներու համակարգի
աշխատակիցներու գործադուլները: