2014-06-11 10:01:31

Տահեշը գրաւեց Իրաքի Մուսուլ Քաղաքը. անկէ հեռացաւ 65 Հայ ընտանիք


Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալներ երէկ քառօրեայ
բախումներէ ետք գրաւեցին Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաք Մուսուլը: Նինուէի նահանգապետը հաստատեց, որ իրաքեան բանակը հեռացած է քաղաքէն, որ անցած է ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ:
ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գրաւեցին քաղաքին քաղաքային օդակայանը, նահանգապետարանը եւ ոստիկանութեան «Գահիրէ» կեդրոնը, զոր հրկիզած են, ոորուն իբրեւ հետեւանք շրջանի ազգաբնակչութիւնը‚ որոնց շարքին 65 հայ ընտանիքներ եւ ծխատէր քահանան հեռացած են շրջանէն։ Պասրա քաղաքի հայ համայնքը պատրաստակամութիւն յայտնած է ընդունելու տեղահանուած Մուսուլի հայութիւնը։ Հայ համայնքի ներկայացուցիչ Պարոյր Յակոբեան Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթին յայտնած է,որ Մարդկային կորուստներ չեն արձանագրուած։
ՏԱՀԵՇ նաեւ կողոպտած է քաղաքի դրամատուները, յաջողած է ազատ արձակել իր զինեալները, որոնք բանտարկուած էին Մուսուլի տարբեր բանտերուն մէջ: Իրաքեան կառավարական ուժերն ու քրտական Փեշմերկաները կը շարունակեն կռուիլ զինեալներուն դէմ:
Նինուէ նահանգին եւ Մուսուլ քաղաքին կից Քերքուք, Սալահէտտին եւ Անպար նահանգներուն մէջ ապահովական ուժեր առաւելագոյն պատրաստ վիճակի մէջ դրուեցան ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ներթափանցումը կանխարգիլելու համար:
Մուսուլի գրաւումէն ետք իրաքեան կառավարութիւնը երկրին մէջ ընդհանուր զօրակոչ եւ զինեալ ուժերու ընդհանուր կազմ ու պատրաստ վիճակ յայտարարեց:
Պարզանի կոչ ուղղեց իրաքեան բանակին օժանդակելու: Նշենք, որ Թալեպանիի եւ Պարզանիի կուսակցութիւնները ամբողջութեամբ դատարկեցին Մուսուլի նահանգապետարանի շէնքին մէջ գտնուող իրենց կեդրոնները` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ անոնք Թոզխարմաթոյի Տոմօ քաղաքին մէջ անցնող երկու օրերուն տեղի ունեցածին նման ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յարձակումներու թիրախ կը դառնան:







All the contents on this site are copyrighted ©.