2014-06-11 09:49:05

Միջազգային կարմիր խաչը եւ Սուրիոյ կարմիր մահիկը օգնութիւն հասցուցած են հիւսիսային հալէպ


Միջազգային կարմիր խաչի բանբեր Ռալֆ Հաժ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն եւ Սուրիոյ Կարմիր մահիկը, Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք, բացառիկ կարելիութիւն ունեցած է օգնութիւն հասցնելու Հալէպի հիւսիսային հատուածին, որ կը գտնուի ընդդիմադիրներու հսկողութեան տակ:
Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները բնակիչներուն մատակարարած են պարէն, առողջապահութեան նիւթեր, ծածկոցներ, խոհանոցային պարագաներ:
Կը հաղորդուի, որ երեսուն հազար հոգիի համար նախատեսուած օգնութիւնը բեռնաւորուած եղած է եօթը բեռնակառքերու վրայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.