2014-06-10 10:25:20

Սիրտ Յիսուսի ամիսը՝ Աստուածային սիրոյ խորհուրդը


RealAudioMP3 Ահաւասիկ Յունիս ամիսը կը սկսի որ աւանդական ամիսն է Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութեան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ: Վաղուց՝ սիրտը ճանչցուած է որպէս կեդրոնը սիրոյ եւ անձնուիրումի: Աստուծոյ Սէրը կը յայտնուի մարդոց՝ Յիսուսի մարդկային սրտին միջոցաւ:
Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ մեծ դեր ունեցած է քանի Յիսուս ինքնին՝ մեզի յայտնեց իր սրտին մեծութիւնը երբ Գողգոթայի ճամբուն վրայ իր արիւնը թափեց մեզ փրկելու համար: Այս բարեպաշտութիւնը կը պատուէ Յիսուսի սիրտը իր փրկչակործութեան խորհուրդին մէջ:
1675-ին Սրբուհի Մարգրիտ Մարիամ Ալագոք, Վիզիդանտին մայրապետ մը, աղօթքի ատեն կը տեսնէ Յիսուս Փրկիչը, որ իր աստուածային Սիրտը ցուցնելով կ'ըսէ. ,Ահաւասիկ այս սիրտը որ այնքա՜ն սիրեց մարդիկը եւ ոչինչ խնայեց իր սէրը ցուցնելու համար. բայց, երախտագիտութեան տեղ, մարդոց շատերէն ուրիշ բան չընդունեցաւ բայց եթէ՝ ապերախտութիւն, արհամարանք, սրբապղծութիւններ եւ պաղ վերաբերմունքե:
Այն ատեն, Յիսուս կը խնդրէ սրբուհի մայրապետէն որ Սուրբ Հաղորդութեան Ութօրէքին յաջորդող Ուրբաթը իր Սուրբ Սրտին նուիրուի, եւ իրեն հատուցում կատարուի Սուրբ Ժամու ջերմեռանդութեամբ եւ ամսուան առաջին Ուրբաթի խոստովանանքով եւ հաղորդութեամբ:
Այսպէսով, Յիսուս կը խնդրէ Սրբուհի Մարգրիտ Մարիամէն հաստատել յատուկ տօն մը՝ պատուելու համար իր Սիրտը, եւ կը պահանջէ Սուրբ Հաղորդութիւնը որպէս հատուցում սխալներու՝ գործուած Սուրբ Հաղորդութեան դէմ:
1856-ին, Պիոս Թ. Քահանայապետը վերջնականապէս կը տարածէ Սիրտ Յիսուսի տօնը ընդհանուր եկեղեցւոյ մէջ, որ չի դադրեցաւ այն ժամանակէն ի վեր զայն տօնել ջերմեռանդութեամբ:
Սիրտ Յիսուսի տօնը տեղի կ'ունենայ ամէն տարի երրորդ ուրբաթը՝ Հոգեգալուստէն ետք: Տօնակատարման ընթացքին, Եկեղեցին կը սերտէ իր Փրկչին սիրտը, որ կ'առաջնորդէ մինչեւ խորերը սիրոյ խորհուրդին, ուր կը հանդիպին մարդը եւ Աստուած: Ան՝ որ եկաւ յայտնելու իր վիրաւորուած սիրտը, Ան է որուն մէջ ամէնքը կրնան խմել ողորմութեան աղբիւրէն: Շարունակ սերտենք այս անծայր խորհուրդը՝ Աստուածային սիրոյ:
Սիրտ Յիսուսի Տօնը կարեւոր դէպք մըն է զատկական խորհուրդին մէջ, որ մեզ կը հրաւիրէ սերտելու Յիսուսը՝ տէրը հեզ եւ խոնարհ սրտին:
Սուրբ Հաղորդութեան օծման մէջն է որ պէտք է փնտռենք իսկական ներկայութիւնը Յիսուսի սուրբ Սրտին, որովհետեւ միայն Ս. Հաղորդութեան մէջն է որ կը գտնուի ամբողջ խորհուրդը Աստուածային սիրոյ եւ Յիսուսի սուրբ Մարդկութիւնը միացած անոր Աստուածութեան: Ուրեմն հաղորդութեան հրչակումը Եկեղեցւոյ մասնակցու-թիւնն է Սուրբ Պատարագին Նոր եւ Յաւիտենական Ուխտին, որ Յիսուս կ'ընծայէ իր Հօր, օրհնելով հացը՝ իր Մարմնով, եւ գինին իր Արիւնով:
Այսպէս, ամէն անգամ որ կը տօնենք Ոտնլուան, պաշտենք հեզ եւ խոնարհ սիրտը Յիսուսի՝ վառ ողորմութեան բո-ցերով: Ուսանինք Սիրտ Յիսուսի դպրոցին մէջ, ստանձնելու համար լրջօրէն պատաս-խանատուութիւնները որոնք մեզ կը սպասեն մեր կեանքին ընթացքին: Եւ յատ-կապէս փորձենք գտնել այս անսպառ ողորմութեան աղբիւրին մէջ քաջասրտութիւնը եւ համբերութիւնը կատարելու համար Տիրոջ կամքը ամէն կացութեան մէջ:
Ո՜վ Աստուածային Սիրտ Յիսուսի, կ'ուզենք քեզի նուիրել մեր ազգը
Շատ հինէն ճանչցած ու սիրած է Քեզ Հայ Ազգը, փառաւորած է Քեզ Քրիստոնէավայել կեանքով ու հոյակերտ տաճարներով, ու պաշտպանած է Սուրբ Կրօնքդ իր արիւնով:
Անհուն գթութեամբ այնպէս տնօրինեցիր, որ շատ մեծ ազգերէ առաջ Հայ Ազգին հեթանոսական խաւարը փարատեցաւ Աւետարանիդ լոյսով:
Շրջապատուած քեզի թշնամի ցեղերէ, Հայ Ազգը չարչարուած ու հալածուած է, որովհետեւ յանձն չէ առած ուրանալ Քեզ ու հեռանալ Քու եկեղեցիէդ:
Մարտիրոսներուդ մէջ բիւրաւորներ կան նաեւ մեր ազգէն: Աւաղ, սակայն, որքան փոխուած է մարտիրոսներու սերունդը: Նոր հեթանոսութեան մը խաւարը կը թանձրանայ մեր մէջ....:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.