2014-06-10 10:54:53

Կաթողիկէ եկեղեցին կը շարունակէ աճիլ ու բազմանալ Հարաւային Քուրիայի մէջ:


''Կաթողիկէները ներկայիս կը ներկայացնեն բնակչութեան 10,4 տոկոսը''։
Հարաւային Քուրիայի կաթողիկէ եկեղեցին կը շարունակէ աճ արձանագրել։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի վերջին տուեալներու համաձայն հաւատացեալներու թիւը աճած է 1,5 տոկոսով։ Ներկայիս կաթողիկէ հաւատացեալները կը հաշուեն շուրջ 5 միլիոն 445.000 անդամ, 49 միլիոն բնակչութեան վրայ, որ կը համապատասխանէ 10,4 առ հարիւրի։
Կղերականներու թիւը եւս աճած է, 2013-ին ձեռնադրուած են 117 կուսակրօն քահանաներ։
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ օգոստոս ամսոյն ընթացքին առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Հարաւային Քուրիայ, մասնակցելու համար Ասիայի երիտասարդութեան 7-րդ հաւաքին







All the contents on this site are copyrighted ©.