2014-06-10 11:25:17

Իրան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարեւոր են ամբողջ շրջանին եւ աշխարհի համար ըսաւ Ռուհանի


Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Յունիս 9-ին այցելեց Անգարա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Ռուհանիի ընկերակցող պատուիրակութիւնը կը ներառէր փոխնախագահ մը, եօթը նախարարներ եւ շարք մը գործարարներ:
Ռուհանի չյարգեց պատշիրը եւ չայցելեց Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի շիրիմը:
Չանքայա պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, երկու նախագահները միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին, որ որոշած են բարելաւել երկկողմանի յարաբերութիւնները: «Ռուհանի անցնող 18 տարիներուն ընթացքին պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա այցելած Իրանի առաջին նախագահն է: Ահա թէ ինչու այցելութիւնը պատմական է», ըսաւ Կիւլ` Իրանը նկարագրելով իբրեւ «հին, արժէքաւոր բարեկամ մը»:
«Մեր յարաբերութիւնները միայն երկու երկիրներուն մասին չեն: Անոնք կարեւոր են ամբողջ շրջանին եւ աշխարհի համար», նշեց Կիւլ` վերահաստատելով, որ Անգարա առանց զանգուածային քանդումի զէնքերու Միջին Արեւելք մը կ՛ուզէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման իւրաքանչիւր երկրի իրաւունքին կը զօրակցի:
Ռուհանի իր կարգին շեշտեց, որ միասնաբար նպատակ ունին երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 15 միլիառ տոլարէն 30 միլիառ տոլարի բարձրացնելու: «(Շրջանին մէջ) անկայունութիւնը աշխարհի վրայ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ», ըսաւ Ռուհանի` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին համաձայնած են թրքական եւ իրանեան երկաթուղիները սահմանային Պազերկան քաղաքին մէջ համարկելու:
Ռուհանի հանդիպում ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան համոզում յայտնեց, որ Իրան եւ Թուրքիա նոյնպիսի նպատակներ ունին` նշելով. «Բազմաթիւ հարցերու, ներառեալ` Իրաքի, Սուրիոյ, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ շրջանային հարցերու շուրջ տեսակէտներու մերձեցում գոյութիւն ունի»:
«Այսօր Իրանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները մուտք գործեցին պատմական շրջադարձի մը մէջ, եւ ժողովները պիտի ազդեն մեր միջեւ առեւտրական շրջանառութեան վրայ եւ թիւերը ամէնէն մօտ ժամանակին 15 միլիառ տոլարէն 30 միլիառ տոլարի պիտի բարձրացնեն», ըսաւ Ռուհանի:








All the contents on this site are copyrighted ©.