2014-06-10 12:41:50

Թեթեւ անհանգստութեան պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մեղմացուցած է իր գործունէութիւնը։


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի յայտարարութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, թեթեւ անհանգստութեան պատճառաւ, երկուշաբթի 9 Յունիս 2014-ին, ջնջել տուաւ օրակարգի վրայ նախատեսուած մի քանի հանդիպումներ եւ այս առաւօտ մնաց Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակավայրին մէջ, ուրտեղէն շարունակեց հետեւիլ իր առօրեայ գործունէութեան։
Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ Կիրակի, 15 Յունիս 2014-ի յետմիջօրէին, պիտի այցելէ Հռոմի, Թրասթեվերէ շրջանին մէջ գտնուող, Սանդ Էճիտիոյ Կաթողիկէ հասարակութեան կեդրոնը ուր հանդիպում պիտի ունենայ, հասարակութեան կողմէ խնամուած աղքատներուն հետ, Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ պազիլիքային մէջ։
Նշենք թէ Ֆրանիչկոս Պապի նախորդները եւս այցելած էին Սանդ Էճիտիոյի հասարակութիւնը։ Երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, երկու անգամ այցելած է բարեսիրական հաստատութիւնը` 1980-ին եւ 1993-ին։ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը` 2009 թուականին։
Իտալական Կաթողիկէ այս հասարակութիւնը հիմնուած է 1968 թուականին, որպէս առաջնահերթ կէտնպատակ ունենալով հակամարտութիւններու խաղաղ լուծումի փնտռտուքը եւ աղքատներու խնամատարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.