2014-06-10 08:30:31

Գեղարուեստական եւ դաստիարակչական երեկոյթ Ծէսին նուիրուած Յոբելինական Տարուան առթիւ


Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ծիսական տարուան յատուկ յանձնախումբին, շաբաթ, 7 յունիս 2014, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ծէսին նուիրուած Յոբելինական Տարուան առթիւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական եւ դաստիարակչական երեկոյթ Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ ներկայացուց ձեռնարկին ընդհանուր նպատակն ու յայտագիրը:
Ապա ներկայացուեցաւ «Երբ մկրտենք մեր մանուկը...» թատերախաղը, հեղինակութեամբ՝ հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանի եւ բեմադրութեամբ՝ Յարութ Հարպոյեանի: Հիմնական նիւթը կեդրոնացաւ մկրտութեան շնորհքին եւ անոր կարեւորութեան մասին քրիստոնեայի կեանքին մէջ:
Ներկայացումէն ետք, հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան զրուցեց մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներուն մասին: Ան անդրադարձաւ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան, անձնական եւ եկեղեցական մակարդակներու վրայ:
Արծիւեան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քեշիշեանի, ներկայացուց շարք մը մկրտութեան խորհուրդի, Աստուածայայտնութեան ու ջրօրհնէքի շարականներ:
Աւարտին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ծիսական տարուան յատուկ յանձնախումբի նախագահ՝ գերպծ. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան խորհրդածութիւն մը կատարեց մկրտութեան եւ ծէսին մասին:
Երեկոն փակուեցաւ պահպանիչով եւ «Հայր մեր» աղօթքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.