2014-06-09 11:50:02

Իրավիճակը Հալէպի մէջ. Ջուրը Սիւլէյմանիէ շրջանի բնակիչներուն համար Ազգային Կիւլպենկեան վարժարանէն կը մատակարարուի։


«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբաթ, 7 յունիս 2014-ին, երեկոյեան մօտ ժամը 7:00-ին, Սիւլէյմանիէ շրջանը հրթիռի մը թիրախ դարձած է: Աշխուժ եռուզեռ ունեցող Սիւլէյմանիէի մայր փողոցի քառուղիին վրայ գտնուող Զինուորական քաղաքական (երկրորդ գրասենեակ) կեդրոնին մօտ հրթիռ մը ինկած է եւ պայթած է որուն պատճառով զոհուած է 1982-ի ծնունդ Կարօ Աստուրեան: Արձանագրուած են նաեւ վիրաւորներ, որոնց կարգին նաեւ հայեր` Պայծիկ Մելքոնեան-Չերչեան եւ Յակոբ Սեմերճեան:
Aleppo_waterՀալէպի բնակչութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել կենցաղային դժուարութիւններ, որոնց շարքին` ջուրի տագնապը:
Չորս օրէ ի վեր Հալէպի մէջ ջուրի անջատումին պատճառով հերթաբար, ջրամատակարարում կը կատարուի քաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ: Պետական ծառայողական կողմեր` իբրեւ ժամանակաւոր լուծում, ջուրի մատակարարում կը կատարեն քաղաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ:
Քաղաքի տարբեր կառոյցներու, որոնց կարգին` հայկական ակումբներու եւ կեդրոններու մէջ եւս կը շարունակուի ջուրի մատակարարման ծառայութիւնը:
Ըստ «Բերիոյ նիուզ»-ին, յատկապէս Սիւլէյմանիէ շրջանին մէջ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի խնամակալութեան հովանաւորութեամբ ջրամատակարարում տեղի կ՛ունենայ Ազգային Կիւլպենկեան վարժարանէն:
Հազարաւոր բնակիչներ անխտիր առանց կարգ ու կանոնը խախտելու ամէն օր կը ստանան իրենց ուզած քանակի ջուրը անվճար: Այն օրը, որ ջուրի տագնապ կ՛ըլլայ քաղաքին մէջ, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի տղաքը հերթականօրէն 7-8 ժամ տեւողութեամբ ջուր կը բաժնեն: Այս օրերուն ջրամատակարարում տեղի կ՛ունենայ նաեւ Նոր Գիւղի բնակիչներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.