2014-06-09 14:24:35

''Երանութիւնները, Քրիստոնեայի գործնական յայտագիրն են'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


Երկուշաբթի, 9 Յունիսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուայ սուրբ գրային ընթերցումին վրայ՝ ուր կը խօսուի Յիսուսի
երանութիւններու մասին։
՝՝Եթէ ձեզմէ մէկը հարց տայ թէ ի՞նչպէս կարելի է տիպար քրիստոնեայ դառնալ, պատասխանը կը գտնէ այսօրուայ Աւետարանին մէջ ուր՝ Յիսուս աշխարհի հակահոսանք պատասխաններ կ՛ընծայէ'' ըսաւ Քահանայապտեը ու ապա յարեց` ՝՝աշխարհը մեզի կ՝ըսէ, թէ կեանքի գեղեցկութիւնը հրճուանքն ու զուրաճութիւնն են։ Մինչ կ՛անտեսէ հիւանդութիւնները եւ ընտանեկան ցաւալի հարցերը, ու հայեացքը կ՝ուղղէ այլուր։ Աշխարհը չ՝ուզեր ողբալ, կը նախընտրէ անտեսել դժուար կացութիւնները ու ծածկել զանոնք։ Միայն այն անձերը, որոնք իրականութիւնը կը ճանչնան այնպէս ինչպէս որ է, ու իրենց սրտին մէջ կ՝ողբան, երջանիկ պիտի ըլլան ու մխիթարութիւն պիտի գտնեն։ Յիսուսի մխիթարութիւնը եւ ոչ աշխարհինը”.
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա երանութիւնները նշելով օրինակներ տուաւ անոնց մասին, երանի հեզերուն, Երանի անոնց որ արդարութեան ծարաւը ունին, երանի ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւնը պիտի գտնեն....... Երանի խաղաղարարներուն, արդարութեան համար հալածուածներուն։
Երանութիւնները՝ Յիսուսի մեզի առաջարկած կեանքի յայատագիրն են'', ''շատ պարզ ու միեւնոյն ժամանակ շատ դժուար'' ըսաւ Քահանայապետը ու շարունակեց ''Իսկ, եթէ կարիքը ունինք յաւելեալ խրատներու , Յիսուս զանոնք մեցի ցոյց կու տայ Մատթէոս Աւետարանի 25-րդ գլխուն մէջ` ''Որովհետեւ անօթեցայ եւ դուք կերակրեցիք զիս, ծառաւ էի եւ դուք խմեցուցիք զիս, բանտն էի եկաք տեսնելու զիս''։ Սոյն երկու իրողութիւններով՝ երանութիններն ու Մատթէոս Աւետարանիչի 25-րդ գլխուն մէջ արձանգրուած տուեալներով ՝ կարելի է Քրիստոնէական կեանքը ապրիլ սրբութեամբ''։
''Թող Տէրը մեզի պարգեիէ շնորհքը ըմբռնելու այս պագտամը'' ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով իր քարոզը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.