2014-06-09 11:58:44

9-10 Յունիսին Իրան-Միացեալ Նահանգներ ուղղակի բանակցութիւններ


ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքճի յայտնած է, որ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ այս շաբաթ քանի մը տասնամեակէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ուղղակի բանակցութիւններ պիտի կատարեն:
Ըստ Արաքճիի, իր գլխաւորած իրանեան պատուիրակութիւնը 9-10 յունիսին Ժընեւի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ամերիկացի դիւանագէտներու հետ:
Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղակալ, Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ուիլիըմ Պըրնզ: Մինչեւ 16 յունիս նախատեսուած «Վեցեակ»-ի հետ հանդիպումը, Թեհրանի ներկայացուցիչները պիտի բանակցին նաեւ ռուսական կողմին հետ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը Թեհրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ կնքուելիք լայնածաւալ համաձայնագիրին նախօրեակին Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ վերոնշեալ բանակցութիւնները կ՛որակէ «աննախադէպ քայլ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.