2014-06-08 12:13:14

''Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որ աղօթեցին ու կ՛աղօթեն Միջին Արեւելքի եւ համայն աշխարհի խաղաղութեան աղօթքի ձեռնարկին համար'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Ուրախ Լեր Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։


Կիրակի, 8 Յունիս 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ուրախ Լեր Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին խորհրդածութիւն մը կատարեց` Պենտեկոստէի տօնին մասին, մեկնաբանելով Սուրբ Հոգւոյն գալստեան դէպքը, Յիսուսի աշակերտներուն վրայ վերնատան մէջ։
Յիսուսի մահէն ետք աշակերտները վախի մէջ էին, անիմաստ մէկ խումբ մը որբ մնացած ու առանց Վարդապետի։ Սուրբ Հոգւոյն գալստեամբ ու Անոր զօրութեամբ, նոր ոճով նոր պատգամ մը կը հռչակուի ''Քրիստոսի Յարութիւնը'', ու ''սիրոյ տիեզեարկան ոճը''։
Եկեղեցին կանչուած է կարող ըլլալ բոլորը զարմացնել, բոլորին հռչակելով թէ Յիսուս Քրիստոս յաղթեց Մահուան ու թէ Աստուծոյ բազուկները միշտ բաց են ու թէ Անոր համբերութիւնը միշտ մեզ կը սպասէ, մեզ բուժելու ու մեզ ներելու համար։ Այս առաքելութեան համար է որ Յարուցեալ Յիսուսը Հոգին պարգեւեց Իր Եկեղեցւոյ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա խորհրդածութեան աւարտին հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ''որպէսզի մեզի համար ընդունի Սուրբ Հոգւոյն նոր շունչը` Եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհի վրայ''։

Ուրախ Լեր Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ու յատուկօրէն անդրադարձաւ` այսօր երեկոյեան, Վատիկանի մէջ կայանալիք խաղաղութեան ձեռնարկին որուն պիտի մասնակցին Պաղեստինի եւ Իսրայէլի նախագահներն ու Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը` ''Աստուծմէ հայցելու համար խաղաղութեան շնորհքը Սուրբ Երկրի, Միջին Արեւելքի եւ համայն աշխարհի վրայ'' – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք, անհատական եւ հասարակական կերպով, աղօթեցին եւ տակաւին կ՛աղօթեն վերոյիշեալ հանդիպումին համար եւ որ հոգեպէս կը միանան այդ աղերսանքին։
Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ ի քաղցր տեսութիւն – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։

Յայտնենք թէ այսօր` Կիրակի 8 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ, խաղաղութեան աղօթքի հանդիպումը, որուն –ինչպէս յայտնեց Քահանայապետը, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Իսրայէլի նախագահ` Շիմոն Փերեսը եւ Պաղեստինի նախագահ` Մահմուտ Ապպասը, անոնց ընկերացող պատուիրակութիւնները ու Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրաիրք` Բարթողոմէոս Ա։
Հանդիպումին ներկայ կը գտնուին նաեւ Սրբազան Քահանայապետի Արժանթինցի երկու բարեկամները որոնք, Մայիսի վերջաւորութեան, մասնակցած էին Քահանայապետին Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան` հրեայ Ռաբունապետ` Սքորքան եւ Իսլամ Շէյխ Ապպուտը։
Միջին Արեւելքի ի նպաստ խաղաղութեան աղօթքի հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի պարտէզներուն մէջ եւ սկիզբ կ՛առնէ երեկոյեան ժամը 7-ին, որուն ընթացքին աղօթքներ պիտի կատարուին միաստուածեան երեք կրօններու ծէսերով` Հրեայ, Քրիստոնեայ եւ Իսլամ կրօններու համաձայն։ Ամէն մէկ կրօնի ներկայացուցիչ պիտի աղօթէ Աստուծմէ հայցելով խաղաղութեան պարգեւը։







All the contents on this site are copyrighted ©.