2014-06-07 12:15:45

Քահանայապետական անուանումներ:


Շաբաթ, 7 յունիսին, Ֆրանչիսկսոս Քահանայապետը, Կարտինալ Ֆէրնանտօ Ֆիլոնին՝
Ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովի կառավարիչը, անուանեց որպէս յատուկ նուիրակ՝ մասնակցելու Փորթուկալի Ֆունչալ թեմի հիմնարկութեան 500 ամեակի առթիւ կազմակերպուած տօնախմբութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ
13-էն 16 յունիս։
Նորին Սրբութիւնը ապա Կարտինալ Ժոզէֆ Թոմքոն՝ Ժողովուրդներու աւետարանցման ժողովի երբեմնի կառավարիչը անուանեց յատուկ նուիրակ, մասնակցելու` Ուքրանիոյ Մուքաչէվոյի Յոյն Կաթողիկէ թեմի ազատագրումի 25 –րդ ամեակի առթիւ տեղի ունեցած տօնախմբութիւններուն, որ կազմակերպուած են Ուքրանիոյ Ուզհորոտ քաղաքի` աւագ նորընծայարանին մէջ, յառաջիկայ 28 յունիսին։







All the contents on this site are copyrighted ©.