2014-06-07 09:04:59

Ուքրանիոյ նորընտիր նախագահը մտադիր է երեք ամսուան մէջ լուծել ճգնաժամը


Gazeta.ru կայքը Ուքրանիոյ նորընտիր նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի մօտիկ աղբիւրներուն յղում կատարելով կը հաղորդէ, որ նախագահը մտադիր է երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը լուծել երեք ամսուան ընթացքին:
«Մեր նպատակն է մինչեւ 7 յունիս` երդման արարողութեան օրը, հասցնել ծրագիր կազմել», անձնական զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Փորոշենքօ:
Ըստ վերջինիս, իր ծրագիրը կ՛ենթադրէ արտակարգ ընտրութիւններու կայացում տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ եւ ուժի ապակեդրոնացում «լեհական օրինակով»: Ասիկա կը նշանակէ, որ տեղական իշխանութիւնները պիտի ստանան իրական իշխանական լիազօրութիւններ, իսկ Ուքրանիան միեւնոյն ժամանակ պիտի մնայ միացեալ պետութիւն:
Նաեւ կը նշուի, որ նախագահը մտադիր է իր երդման արարողութեան առիթով զանգուածային համաներում կատարել:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ իր ծրագիրին ներկայացումէն ետք Փորոշենքօ պիտի ուղեւորուի Տոնպաս, ուր պիտի առաջարկէ խաղաղ ճամբով համաձայնութիւն գոյացնել: Ապա նորընտիր նախագահը յստակ քայլերու պիտի ձեռնարկէ` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցելու եւ այդ երկիրներէն քաղաքական փոխզիջումներ ստանալու համար:
Կայքը կը յիշեցնէ, որ Ուքրանիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի ունեցած են 25 մայիսին: Ընտրութեան իբրեւ արդիւնք ձայներուն 54.7 առ հարիւրը ստանալով յաղթանակ արձանագրած է Փիոթըր Փորոշենքօ:
Միւս կողմէ, կայքը նաեւ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Այլին Լէյնեզ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Ուքրանիա ուղարկել զինուորական խորհրդականներու ոչ մեծ խումբ մը, որ Ուքրանիոյ պիտի օգնէ որոշելու իր պահանջները զինեալ ուժերու մարզին մէջ կատարուելիք բարեփոխումներու հարցին մէջ:
Բացի ատկէ, Ուաշինկթըն կը պատրաստուի Քիեւին տրամադրել տարբեր տեսակի զինամթերք, ներառեալ` զրահաշապիկներ, գիշերային տեսանելիութեան սարքեր եւ հաղորդակցութեան միջոցներ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ կրկնապատկած են Ուքրանիոյ զինուորական մարզին յատկացուող օժանդակութեան չափը, որ այժմ 18 միլիոն տոլար է:







All the contents on this site are copyrighted ©.