«Իսկ Մխիթարիչը, Սուրբ
Հոգին, զոր հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, եւ պիտի յիշեցնէ
ինչ որ ըսած էի ձեզի»:
Յիսուս իր մահկանացու կեանքի ընթացքին` իր առաքեալներուն
քանիցս խոստացած էր թէ իր համբարձումէն ետք` պիտի առաքէր Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին, ճշմարտութեան
Հոգին, որ իրենց պիտի սոորվեցնէր ամէն ճշմարտութիւն: Ըսած էր անոնց. « Յովհաննէս մկրտեց
ջուրով, իսկ դուք պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիով»: Յիսուսի այս խոստումը սակայն շատ
խորհրդաւոր էր Առաքեալներուն համար, որովհետեւ անոնք գաղափար չունէին թէ ինչ բանի մէջ
կը կայանար իրենց ապագայ Սուրբ Հոգիով մկրտութիւնը: Արդարեւ, Համբարձումէն 10 օր ետք,
առաքեալերը` Վերնատան մէջ համախմբուած բարեպաշտ կիներու հետ, գլխաւրութեամբ Ս. Կուսին`
հրաբորբոք աղօթքով կը պատրաստուէին հրէական Պենտեկոստէի տօնին, որ ուրիշ բան չէր եթէ
ոչ գոհաբանական տօն մը կատարուած նոր հունձքի առիթով: Մեծ ուրախութեան, ցնծութեան տօն
մըն էր, որովհետեւ ցորենի շտեմարանները լեցուած էին, եւ Պենտեկոստէն կը փակէր զատկական
տօնակատարութիւնները: Առաւօտ ժամը 9 էր, մարդիկ կը պատրաստուէին տաճարին մէջ զոհակատարութեանց
եւ տօնական խնջոյքին մասնակցելու, երբ յանկարծ քաղաքին մէջ զգալի դղրդիւն մը` սաստիկ
հովի նման տեղի ունեցաւ Վերնատան շուրջ: Առաքեալները սոսկ տեսան հրեղէն գունտի մը երկինքէն
իջնելը, որ ներկաներուն թիւին համեմատ բաժնուելով` իւրաքանչիւրին գլխուն վրայ կը հանգչէր
հրեղէն լեզուի կերպարանքով: Ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան, որ զիրենք բոլորովին կերպարանափոխեց:
Ս. Հոգւոյն Գալստեան արգասիքը այն եղաւ, որ Առաքեալները, որոնք առաջ երկչոտ էին
եւ չէին համարձակիր Վերնատունէն դուրս գալ, այնպէս որ հրեաներու վախէն` ամուր կերպով
փակած էին անոր դռները եւ պատուհանները, այժմ քաջութիւն եւ յեղեալ գիտութիւն ստացան եւ
սկսան ազատ համարձակ կերպով հրապարակներու եւ տանիքներուն վրայ քարոզել Քրիստոսի վսեմ
վարդապետութիւնը: Ս. Կոյս Մարիամն ալ Առաքեալներուն հետն էր: Ան չէր կրնար բացակայիլ,
երբ արդեն կը կատարուէր նորածին Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան նաւակատիքը: Ան սահմնանուած
էր բոլոր քրիստոնեաներու եւ համայն եկեղեցւոյ Մայրը ըլլալու: Ս. Հոգւոյն Գալստեան
արգասիքը (արդիւնքը) այն եղաւ որ Առաքեալները ունեցան նաեւ լեզուներու տուրքը, որով այլազան
ազգերու պատկանող ժողովուրդները` իւրաքանչիւրը իր սեփական լեզուով կը լսէր Առաքեալներու
քարոզութիւնը: Արդ, Առաքեալներու Գործերուն մէջ կը կարդանք թէ . «ամէնքն ալ կը սքանչանային,
կը զարմանային ու կ՛ըսէին իրարու – միթէ ասոնք ամէնքը որ կը խօսին Գալիլիացիներ չե՞ն,
ինչպէ՞ս ուրեմն կը լսենք զանոնք մեր մայրենի բարբարով... կը լսենք զանոնք որ մեր լեզուներով
կը հռչակեն Աստուծոյ սքանչելիքները»: Վասնզի Հոգին Սուրբ իջած էր անոնց վրայ եւ լեցուցած
էր անոնց հոգիները աստուածային իմաստութեամբ: Աստուածային իմաստութիւնն էր որ բացագանչել
կու տար հեթանոսաց Առաքեալին` Ս. Պօղոսին . « Այսուհետեւ ամէն բան անարժէք կը համարիմ`
Յիսուս Քրիստոս, իմ Տէրս ճանչնալու գերազանց գիտութեան դիմաց»: (Փիլ. 3, 8)
Քրիստոսի`
Առաքեալներուն կատարած խոստումը, թէ պիտի ղրկէ Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին, կատարուեցաւ լիովին:
Ան լրացուցած էր իր զոհակատարութիւնը, բազմած էր նաեւ իր Հօր աջակողմը եւ այժմ կ՛առաքէ
իր Աստուածային հոգին, Սուրբ Հոգին որ մարդկութիւնը կը լուսաւորէ եւ եկեղեցին կը կենդանացնէ:
Սուրբ Հոգին որ կ’ուսուցանէ եւ կը յիշեցնէ բարիին ճանապարհները եւ թէ ինչպէս խուսափիլ
չարէն: Սուրբ Հոգին որ կու տայ ուժը դիմագրաւելու բոլոր փորձութիւններուն: Եկուր
Հոգի զօրութեան, զօրացուր մեզ, որպէսզի կարենանք քու սիրոյդ համար սիրով տանիլ այս կեանքի
բոլոր նեղութիւնները, վիշտերը, դժուարութիւնները եւ փորձութիւնները: