2014-06-07 11:33:04

Աշխարհի բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալները կը միանան Ֆրանչիսկոս Պապի
աղօթքին


Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, Վատիկանի մէջ կայանալիք խաղաղութեան աղօթքի ձեռնարկին, Սուրբ Երկրի կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու դասը, նամակով մը , հրաւիրած է քրիստոնեայ բոլոր հաւատացեալները, միանալու՝ Քահանայապետին խաղաղութեան աղօթքին, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ, Իսրայելի եւ Պաղեստինի նախահագներու մասնակցութեամբ։
Նամակին մէջ, Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները առաջարկած են նաեւ որ Կիրակի 8 յունիսի, երեկոյեան ժամը 7-ին, եկեղեցիներու զանագակներու ղօղանջիւնին, երկու վայրկեան տեւողութեամբ, պահ մը լռութիւն պահուի։
Նման հրաւէրներ ուղղուեցան նաեւ աշխարհի զանազան վայրերու եպիսկոպոսաց դասերու կողմէ խնդրելով բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներէն միանալու Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետի աղօթքին, Պենտեկոստէի օրը, որպէսզի Սուրբ Հոգւոյ զօրութիւնը եւ խաղաղութեան թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամը, քաջութիւն ներշնչեն, Վատիկանի մէջ համախմբուած ղեկաւարներուն՝ Սուրբ Երկրի եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումի ջանքերը չդադրեցնելու։







All the contents on this site are copyrighted ©.