2014-06-07 09:40:41

«Խստիւ կը դատապարտենք վերջին օրերուն Հալէպի հայաբնակ Նոր Գիւղ թաղամասի ռմբակոծումները» Ըսաւ Բալայեան


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան մեկնաբանած է Հալէպի մէջ տիրող կացութիւնը:
«Խստիւ կը դատապարտենք վերջին օրերուն Հալէպ քաղաքի հայաբնակ Նոր Գիւղ թաղամասի ռմբակոծումները, որոնք մարդկային զոհերու եւ աւերի պատճառ դարձած են:
«Համոզուած ենք, որ սուրիական ճգնաժամի հանգուցալուծման յառաջընթացի գլխաւոր նախապայմանը բռնութիւններու անյապաղ դադրեցումն է», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի մեկնաբանութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.