2014-06-07 09:36:05

«Լիբանանի ազգային ուխտը ոտնձգութեան ենթարկուած է» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ուրբաթ 6 Յունիսին, Պքերքէի մէջ ընդունեց Լեռնալիբանանի հոգեւոր հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնաւորներ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ այս պատուիրակութիւնը Լիբանանի ճշմարտութեան արտացոլումն է` աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ, թէ Լիբանանի կարեւորութիւնը անոր բազմազանութեան մէջ կ՛իյնայ:
Ան ցաւ յայտնեց լիբանանեան ընկերութեան եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր վիհին համար:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ թէ՛ իսլամին եւ թէ՛ քրիստոնեային երաշխիքը նկատուող Լիբանանի Ազգային ուխտն ու սահմանադրութիւնը ոտնձգութեան ենթարկուած են: «Երկար ժամանակի համար նախագահական դատարկութիւնը սահմանադրութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի», ըսաւ Ռայի պատրիարքը եւ կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու:
«Կը մաղթենք, որ երեսփոխանները յարգեն լիբանանեան ընկերութեան կարծիքը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ սահմանադրութեան համաձայն` ժողովուրդն է իշխանութիւններուն հիմքը», հաստատեց ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.