2014-06-06 10:42:40

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իտալական ներքին զօրքէն շուրջ 50.000 քաղաքապահակներու կը հանդիպի։


Ուրբաթ` 6 յունիս 2014-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իտալական ներքին զօրքէն շուրջ 50.000 (carabinieri) քաղաքապահակներու հետ կը հանդիպի, անոնց պարագաներուն հետ միասին տօնախմբելու այս 'հրաշալի' մարմնի ստեղծումին երկրորդ հարիւրամեակը։
Իտալական ներքին զօրքը 5 եւ 6 յունիսին հանդիսաւոր տողանցք մը կը կատարէ մայրաքաղաքին մէջ։
Նախքան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ հանդիպումը, անոնք Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ ներկայ գտնուեցան ս. պատարագին, որ պիտի մատուցէ զօրքին մատրանապետը գերապայծառ Սանդօ Մարչիանոն։
Տօնախմբութիւնը պիտի եզրափակուի համերգով մը զօրքի փողարախումբի կատարողութեամբ Հռոմի ''Փիացցա Տէլ Փոփոլօ – Ժողովուրդ'' կոչուած հրապարակի վրայ։
Նշենք որ ներքին զօրքը հիմնուած է 1814 Թորինօ քաղաքին մէջ Վիթորիօ-Էմմանուելէ Ա. թագաւորէն, ունենալով կրկնակ առանձնաշնորհում` քաղաքի եւ պետութեան պաշտպանութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.