2014-06-06 13:05:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մէջ ընդունեց Իտալացի ''Քարապինիերի'' զօրքի հիսուն հազար անդամները։


Ուրբաթ, 6 Յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Մարք Ուելլէն, որմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց` Ճափոնի վարչապետ` Տիար Շինծօ Ապէ, Լեհաստանի երբեմնի նախագահ` Տիար Լէխ Վալեսայ, Պենինի եւ Թոկոյի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Պրայէն Ուտայկուէ եւ Իտալիոյ Մածառայ տէլ Վալլօ թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Տոմէնիքօ Մոկավէրօ։
Ժամը 12,15 –ին Սրբազան Հայրը, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ ''Քարապինիերի'' զօրքի 50 հազար անդամներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, զօրքի հիմնարկութեան երկու հարիւր ամեակի առթիւ։ Նախ քան Քահանայապետի ժամանումը, հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ, զոր գլխաւորեց զօրքի մատրանապետը` գերապայծառ Սանթօ Մարչանոն։
Նշենք որ Իտալիոյ ''քարապիներիներու'' զօրքը հիմնուած է 1814 Թորինօ քաղաքին մէջ, Վիթորիօ-Էմմանուելէ Ա. Թագաւորի օրով, ունենալով կրկնակ առանձնաշնորհում` քաղաքի եւ պետութեան պաշտպանութիւնը։
Զօրքի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները ու զօրքի հիմնադրութեան երկու հարիւր ամեակը, մատնանշելով Քարապինիերի զօրքի պատմութեան ու անոր Երկրին ի սպաս գործունէութեան, հաստատելով որ զօրքի կոչումը նուիրում ու ծառայութիւն է։ ''Կոչում մը որ կ՛արտայայտուի անհատներու ու բնութեան պաշտպանութեամբ, անվտանգութեան պահովութեամբ ու հասարակաց բարիքին ի սպաս քաղաքացիական համակեցութեան օրէնքներու յարգանքով'', ըսաւ Քահանայապետը, ու ապա մատնանշեց թէ ''Քարապիներներու'' առաքելութիւնը կը պահանջէ մշտական տրամադրելիութիւն, համբերութիւն, անձնուիրումի հոգի եւ պարտաճանաչութիւն։ Ան ապա ակնարկեց Աստուծոյ ծառայ` Սալվօ Աքուիսթոյ զինուորին որ նացիական բռնատիրութեան շրջանին ինզինք յանձնած էր փոխան այլ անմեղ անհատներու անոնց կեանքը ազատելով նացիական վայրագութենէն։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ մատնանշեց ''Քարապիներիներու զօրքին'' արտասահման կատարած գործունէութեան, ուր ''կը ջանաք ըլլալ խաղաղութեան կերտիչներ, ապահովելով անվտանգութիւնը, մարդկային արժանապատուութեան յարգանքը ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, հակամարտութիւններու եւ լարուածութիւններու թիրախ երկիրներուն մէջ։
''Մի դադրիք ամենուրէք տանելու մարդկային ուրախ եւ բացայայտ վկայութիւն մը, նա մանաւանդ անոնց հանդէպ որ կարիքաւոր ու թշուառ վիճակի մէջ կ՛ապրին։ Ձեր ու ձեր ծառայութեան ու ձեր ընտանիքներուն վրայ թող հսկէ Սուրբ Կոյս Մարիամը, Անոր դիմեցէք վստահութեամբ, դժուարութեան պահերուն, այն համոզումով որ ունիք քնքուշ Մայր մը, որ գիտէ իր զաւկին Յիսուսին ներկայացնել ձեր բոլոր ակնկալիքներն ու ձեր պահանջները – ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը ու նախ քան ներկաներուն վրայ Աստուածային օրհնութիւնները հայցէ յայտարարեց թէ ''յառաջիկայ 13 սեպտեմբերին մտադիր եմ այցելել, որպէս ուխտաւոր, Իտալիոյ Կորիցիայ շրջանի Ռէտիփուլիայի ''ռազմական յուշահամալիրը'', աղօթելու համար բոլոր պատերազմներու զոհերուն դիտաւորութեան, համաշխարհային առաջին պատերազմի հարիւր ամեակի առթիւ։
Աստուած ձեզ ու ձեր ընտանիքները օրհնէ – ըսաւ Քահանայապետը իր ճառը եզրափակելով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.