2014-06-06 16:35:27

Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ճափոնի Վարչապետի հանդիպումն ու նուէրներու
Փոխանակում։


Ուրբաթ, 6 Յունիսին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ, Ֆրանչիսկսոս Պապը ընդունեցաւ Ճափոնի վարչապետ Տիար Չինծօ Ապէն եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Ճափոնի վարչապետը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ սիրալիր եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացիքն քննարկուցան երկու պետութիւններու միջեւ կայացած բարի յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ դաստիարակչական, ընկերային, եւ առողջապահական մարզէն ներս ՝ Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան դրական համագործակցութիւնը։
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։ Ճափոնի կառավարութեան պատուիրակութիւնը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նուիրեց հետաքրքրական եւ խորհրանշանական նուէրներ. Հրաշագործ հայելի մը, որ լոյսի միջոցաւ, պատի վրայ՝ խաչի պատկերը կը ցոլացնէ։Պօղոս Ե Քահանայապետի եւ Ճափոնի առաջին հիւպատոսին դիմանկարները, որ կը խորհրդանշեն Ճափոնի Հիւպատոսի Հռոմ ժամանումը, 1615 թուականին, Սրբազան Պապէն խնդրելու առաքեալներ ուղարկել Ճափոն։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ հրաշագործ հայելին, Ճափոնի մէջ, քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի շրջանին, քաղտնաբար կը գործածուէր քրիստոնեաներու կողմէ, որովհետեւ արգիլուած էր քրիստոնէական խորհրանշող առարկաներու հրապարակային գործածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.