2014-06-06 17:15:14

Ձիթենիի ծառ մը պիտի յատկանշէ Վատիկանի մէջ կայանալիք Միջին Արեւելքի համար խաղաղութեան աղօթքի ձեռնարկը ։


Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014-ի ժամը 13-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրով, Կիրակի 8 Յունիսի երեկոյեան, Վատիկանի մէջ կայանալիք, Իսրայէլի նախագահ` Շիմոն Փերեսի եւ Պաղեստինի նախագահ` Մահմուտ Ապպասի ու անոնց ընկերացող պատուիրակութիւններու ներկայութեամբ, խաղաղութեան աղօթքի հանդիպումը։
Մամլոյ ասուլիսը վարեցին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին եւ Սուրբ Երկրի Պահակ` Հայր Փիէրպաթթիսթա Փիցցապալլան։
Իր զեկոյցին մէջ Հայր Լոմպարտին յայտնեց թէ վերոյիշեալ հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրաիրքը Բարթողոմէոս Ա ինչպէս նաեւ Սրբազան Քահանայապետի Արժանթինցի երկու բարեկամները որոնք, Մայիսի վերջաւորութեան, մասնակցած էին Քահանայապետին Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան` հրեայ Ռաբունապետ` Սքորքան եւ Իսլամ Շէյխ Ապպուտը։
Միջին Արեւելքի ի նպաստ խաղաղութեան աղօթքի հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի պարտեզներուն մէջ եւ սկիզբ կ՛առնէ երեկոյեան ժամը 7-ին, որուն ընթացքին աղօթքներ պիտի կատարուին մի-աստուածեան երեք կրօններու ծէսերով` Հրեայ, Քրիստոնեայ եւ Իսլամ կրօններու համաձայն։ Ամէն մէկ կրօնի ներկայացուցիչ պիտի աղօթէ Աստուծմէ հայցելով խաղաղութեան պարգեւը։
Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը եւ երկու նախագահները, կարգով կը հայցեն խաղաղութեան շնորհքը հուսկ տեղի կ՛ունենայ խաղաղութեան ողջագուրումը։ Աղօթքի արարողութեան աւարտին երկու Եկեղեցապետերը` Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա, երկու նախագահներու հետ միասին, խաղաղութիւնը խորհրդանշող ձիթենիի ծառ մը կը տնկեն ու ապա միասնաբար կ՛ուղղուին Վատիկանի Գիտութեան Ակատեմեայի կեդրոնը ուր նախատեսուած է առանձնական ու փակեալ հանդիպում մը։
Սուրբ Երկրի Պահակ` Հայր Փիէրպաթթիսթա Փիցցապալլան իր զեկոյցին մէջ ընդգծեց թէ խաղաղութեան աղօթքի հանդիպումը միջկրօնական հանդիպում մը չէ այլ խաղաղութեան աղերս մը Իսրայելացի եւ Պաղեստինցի ժողովուրդներուն համար։ Ան ապա մատնանշեց թէ հանդիպումը քաղաքական բնոյթ ունեցող հանդիպում մը չէ այլ ''քաղաքականութեան ընդհատում մը'', որպէսզի աղօթքի միջոցաւ, կողմերը կարելիութիւն ունենան, տարբեր աչքերով դիտել եղելութիւնը։
Մամլոյ ասուլիսին սկիզբը Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին հրապարակաւ կարդաց` անցեալ 25 Մայիսին, Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապին, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի նախագահներուն ուղղած հրաւէրի պարունակութիւնը` ''Այս վայրին մէջ ուր ծնած է խաղաղութեան իշխանը – ըսած էր Նորին Սրբութիւնը - ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած, հայցելով խաղաղութիւնը։ Ձեր տրամադրութեան տակ կը դնեմ իմ տունս` Վատիկանը միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար։ Ան ապա ընդգծած էր թէ Ժողովուրդներու կառավարիչները ''պարտականութիւնն ունին ըլլալու խաղաղութեան գործիքներ եւ կերտիչներ, յատկապէս աղօթքով'' թէեւ մատնանշած էր Սրբազան Հայրը ''Խաղաղութեան կերտումը դժուար է, սակայն անխաղաղ կեանք ապրիլը չարչարանք է'' Ան ապա յանձնարարած էր թէ ''Երկրի բոլոր մարդիկը մեզմէ կը խնդրեն Աստուծոյ առջեւ դնելու իրենց խաղաղութեան ձտգող ցանկութիւնները''։







All the contents on this site are copyrighted ©.