2014-06-06 10:37:50

''Խաղաղութեան համար վայրկեան մը'' Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ձեռնարկ


Ի տես յառաջիկայ Կիրակի` 8 յունիս 2014ին, Ֆրանչիսկիոս Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրով, Վատիկանի մէջ կայանալիք, Իսրայելի եւ Պաղեստինեան պետութեան նախագահներ՝ Շիմոն Փէրէսի եւ Մահմմուտ Ապպասի խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի հանդիպումին, Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը, ընդառաջելով Սրբազան Քահանայապետի աշխարհի հաւատացեալներուն ուղղած այն հրաւէրին` միանալու վերոյիշեալ աղօթքի դիտաւորութեան, իր կարգին հրաւիրած է Իտալիոյ բոլոր եկեղեցիներու հաւատացեալները, յառաջիկայ 8 յունիսին, աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ, վերոյիշեալ երկու նախագահներու Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայութեամբ հանդիպումի արդիւնաբեր պսակումին դիտաւորութեան։
Նման առաջարկ մը ներակայացուցած է նաեւ Արժանթնի Եպիսկոպղոսաց համահաւաք դասը, ''Խաղաղութեան համար վարկեան մը'' կարգախօսով ձեռնարկի մը կազմակերպութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.