Իսրայէլ 1500 շէնք պիտի կառուցէ արեւելեան Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի մէջ
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի շինարարութեան նախարար Ուրի Արիել
նուազուրդներ յայտարարած է Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի հրէական բնակավայրերուն
մէջ նոր շէնքերու կառուցման համար: Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ խօսքը 1500 նոր շէնքերու
մասին է: Անոնց շինարարութիւնը Իսրայէլի իշխանութիւններուն պատասխանն է պաղեստինեան ազգային
համաձայնութեան կառավարութեան կազմութեան, որ բաղկացած է անկուսակցականներէ, սակայն գոյացած
է Համաս շարժումին հետ համաձայնութեան հիմամբ: Իսրայէլացի նախարարը ըսած է, որ շինարարութիւնը
«իսկական սիոնական պատասխան է ահաբեկչական կառավարութեան ստեղծման»: Ան ըսած է, որ Իսրայէլի
իրաւունքն է շինարարութիւն կատարել ամբողջ երկրին տարածքին եւ նուազեցնել բնակարաններուն
գիները: Աղբիւրը կը գրէ, որ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ շինարարութեան
իրականացումը կը հանդիպի պաղեստինցիներու դիմադրութեան, կը խափանէ տագնապի լուծման կարգաւորման
գործին մէջ ձեռք բերուած լուծումներու իրականացումը: