2014-06-06 12:26:54

Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպ. Գուսանի շնորհաւորագիրը Եգիպտոսի նախագահ՝ Ապտուլ ֆաթթահ Էլ-Սիսիին


Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ արհի. Գրիգոր Օգոստինոս եպ. Գուսան 4 յունիս 2014-ին, շնորհաւորագիր մը յղած է Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ՝ Ապտուլ ֆաթթահ Էլ-Սիսիին։
Շնորհաւորական գիրին մէջ, Գերապայծառ Գուսան, իր եւ հայ կաթողիկէ կղերին՝ կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդին անունով բարեմաղթութիւններ կը յայտնէ, հայցելով Աստուծմէ որ իրեն պարգեւէ ''առողջութիւն եւ իմաստութիւն'' լաւագոյն կերպով գործելու՝ Եգիպտոսի ու եգիպտացիներու բարիքին համար.որոնք ամենայն ազատութեամբ ու վստահելով իր անձին վրայ զինք ''Եգիպտոսի նախագահ'' ընտրեցին։ Յուսալով որ շուտով հաստատուի խաղաղութիւնը, եղբայրասիրութիւնը, ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը երկրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.