2014-06-05 11:07:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա Վեհափառը


Հինգշաբթի, 5 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Արամ Ա Վեհափառը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Հանդիպման սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը առանձական հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա Վեհափառի հետ ու ապա տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան անդամներու ներկայացում, որմէ ետք տեղի ունեցաւ երկու Հայրապետներու զեկոյցը եւ նուէրներու փոխանակումը, որուն յաջորդեց համամիութենական աղօթք` Վատիկանի Ռետեմթորէս Մաթեր Մատրան մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները ըսելով` ''Բարի Եկաք Սուրբ Պօղոս եւ Պետրոս առաքելապետերու շեմին''։
Ան ապա անդրադարձաւ մէկ ամիս առաջ Գարեգին Բ` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ ունեցած հանդիպումին ու գոհութիւն մատուցեց Տիրոջ` ''միացնող եղբայրական յարաբերութիւններուն համար'', Աստուծոյ շնորհք նկատելով հանդիպումի այս պահն ու միասնական աղօթքը։
Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց Արամ Ա կաթողիկոսի յանձնառումին` Քրիստոսի հաւատացեալներու միջեւ միութեան դատին ի սպաս, ակնարկելով Եկեղեցիներու Համամիութենական խորհուրդէն ներս անոր կարեւոր դերակատարութեան ու վերոյիշեալ խորդուրդի Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին տուած նպաստին, որ իր կարգին թիկունք կը կանգնի շրջանի քրիստոնեայ եկեղեցիներուն, որոնք ''բազմաթիւ դժուարութիւններու ենթակայ են''։ Առանց մոռնալու նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան որակեալ ներդրումը` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան խառն յանձնախումբի աշխատանքին։
''Կրնամ ըսել թէ այս հաղորդութեան լիութեան ճանապարհի վրայ կը կիսենք միեւնոյն յոյսերը եւ միեւնոյն պատասխանատու յանձնառումը, վստահ ըլլալով թէ կը քալենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կամքին համաձայն'', – ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ որ ''դարերու ընթացքին ստիպուեցաւ դառնալ պանդուխտ ժողովուրդ` կրելով հալածանք ու մարտիրոսութիւն, որոնք խոր վէրքեր յառաջացուցին համայն հայ ազգի սրտին մէջ։ Այդ վէրքերը – յարեց Սրբազան Հայրը – ''Պէտք ենք տեսնել ու մեծարել որպէս նոյնինքն Քրիստոսի մարմնոյն վէրքեր'', ու ճիշդ ասոր համար անոնք կը դառնան անսասան յոյս ու վստահութիւն` Հօր նախախնամ ողորմութեան։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա շեշտը դրաւ ''Յոյսի եւ Վստահութեան'' վրայ որոնց կը կարօտին Միջին Արեւելքի եղբայրակից քրիստոնեանրը, յատուկօրէն անոնք որ կ՛ապրին հակամարտութիւններու եւ բռնութիւններու թիրախ շրջաններուն մէջ։
Յոյսի եւ Վստահութեան կարօտը ունինք նաեւ մենք քրիստոնեաներս որ այդ դժուարութիւնները չենք ապրիր ու սակայն յաճախ վտանգի մէջ կը գտնուինք` անտարբերութեան եւ Աստուծոյ մոռացութեան անապատներուն մէջ – ազդարարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու յանձնարարեց ''Որպէս Յիսուսի հետեւորդներ պէտք ենք սորվիլ խոնարհութեամբ կրել մէկը միւսին բեռը, իրար զիրար օգնելով որպէսզի միշտ աւելի լաւ քրիստոնեաներ ըլլանք, ու միշտ աւելիով դառնանք Յիսուսի աշակերտներ։ ''Առ այդ քալենք միասին այդ սիրոյ մէջ, այնպէս ինչպէս Քրիստոսը մեզ սիրեց ու իր կեանքը տուաւ մեզի համար'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա ակնարկեց Պենտեկոստէի նախորդող այս օրերուն ուր կը պատրաստուինք վերապրելու Սուրբ Հոգւոյն էջքի հրաշքը նորածին Եկեղեցւոյ վրայ։ ''Հաւատքով հայցենք Կեանք պարգեւող ու Սուրբ Հոգիին գալուստը, որպէսզի վերանորոգէ աշխարհը, բուժէ աշխարհի վէրքերը, հաշտեցնելով ամէն արարարծի սիրտը իր Արարիչին հետ։ Թող Ան` Մխիթարիչը, ըլլայ դէպի միութիւն մեր ուղեւորութեան ներշնչումը, թող Ան մեզի սորվեցնէ ինչպէս սնուցել եղբայրական մեր կապերը որ ''արդէն մեզ կը միացնեն մէկ մկրտութեամբ ու մէկ հաւատքով'' ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքին աւարտին ու ապա բոլոր ներկաներուն վրայ հայցեց Աստուածամօր հովանին ''որպէսզի մեզի համար ըլլայ Միութեան Մայրը''։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.