2014-06-05 15:43:37

Իտալական եպիսկոպոսական դասը կը մասնակցի Միջին Արեւելքի խաղաղութեան աղօթքին։


Հոգեգալստեան տօնին Վատիկանի մէջ աղօթք պիտի կատարուի Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար ներկայութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ մասնակցութեամբ Պաղեստինի ու Իսրայէլի նախագահներուն։
Իտալական եպիսկոպոսական դասը որոշած է մասնակցիլ Սրբազան Քահանայապետին նախաձեռնութեան, հրաւիրելով հաւատացեալները այդ օրը յատուկ աղօթք մը կատարել Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։
Իտալիոյ եւ Արժանինի կաթողիկէ բանւորական շարժումը, միանալով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախաձեռնութեան, 8 յունիսին յատուկ աղօթք մը կը կատարեն։ Երկու բանւորական շարժումները կ'առաջարկեն ժողովրդապետութիւններու, դպրոցներու եւ աշխատանոցներու մէջ մէկ վայրկեան լռութիւն պահել եւ աղօթել ի զօրակցութիւն Քահանայապետի նախաձեռնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.