2014-06-05 10:43:20

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած ընտանիքի


RealAudioMP3 Ընտանիքի տագնապները

Վերջերս ուսումնասիրութիւն մը դուրս եկած է, ուր 1970 - 2000 թուականներուն, ընտանիքը, կամ ընտանեկան հաստատութիւնը մեծ նահանջ արձանագրած է իր արժէքներուն մէջ (40էն-5 տոկոսը): Ստոյգ ընտանիքը ունի այլազան հարցեր, ներքին եւ արտաքին յարաբերութիւն ներուն մէջ հարցեր, ծնողք եւ զաւակներ, ամուսիններ իրարու հետ, ընդլայնուած իմասով ընտանիքի պարագաներ, ազգականներ, մինչեւ իսկ անձնական, անհատական հոգեբանա նական հարցեր, որոնք ընտանեկան հաւասարակշռութեան վրայ, ժխտական կերպով կ՛ազ­ դեն։
Անպատասխանատուութեան հոգին, անձնասիրութիւնը, ինքնահաճութիւնը, որոնք արդիւնք են անգիտակից ծնողական պարտականութիւններուն, դարձեալ ծանր բեռ մըն են ընտանիքի խաղաղ կեանքին։ Բացի մարդկային արարածներու միջեւ եղած փոխադարձ հարցերէն կան նաեւ, ընտանիքի ֆինանսական պայմանները, ելեւէջները հարստութեան եւ աղքատութեան, որոնք իրենց կարգին ընտանիքը կը բեռնաւորեն ժխտական դրութեամբ եւ կ՛առաջնորդեն դէպի բաժանում եւ ատելութիւն։ Պիտի զարմացնէր մեզ եթէ ընտանիքի մէջ հարցեր չգտնուէին։ Եթէ ամուսիններու միջեւ նկարագրի պատճառաւ բախումներ չպատահէին։ Ընդահակառակը, այս տեսակի հարցերը, կեանքի նշան են, եթէ յաղթահարուին բարի եւ հոգեւոր տրամադրութեամբ։ Ասոր համար, մեր նկատողութիւններն ու մտահոգութիւնները այս պարագաներուն, լծումներ գտնել, ընտանիքին հաւասարակշռութիւնը եւ բնականոն աճը ապահովելու համար։ Համոզուած ենք, որ կարող ենք դրական արդիւնքներ ստանալ ընտանիքի կեանքէն ներս, եթէ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները արթնցնենք։
Սէրը








All the contents on this site are copyrighted ©.