2014-06-04 09:47:14

Օպամա.«Արեւելեան ու կեդրոնական Եւրոպայի մեր գործընկերներուն ապահովութիւնը մեր ապահովութեան անկիւնաքարն Է»։


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւա հասնելէ ետք յայտարարեց, որ «ուքրանական տագնապէն մտահոգ Արեւելեան Եւրոպայի ապահովութեան նկատմամբ ամերիկեան յանձնառութիւնը հաստատ հարց մըն է եւ չի փոխուիր»` աւելցնելով.«Լեհաստանի եւ Կեդրոնական ու Արեւելեան Եւրոպայի մէջ մեր դաշնակիցներուն ապահովութեան ամերիկեան յանձնառութիւնը մեր ապահովութեան անկիւնաքարն է»:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ ՕԹԱՆ ուքրանական տագնապին ընթացքին Լեհաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու վերաբերեալ իրենց յանձնառութիւնները ամրապնդած են:
Հետագային, Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Օպամա յայտնեց, որ Ռուսիա պէտք է իր ազդեցութիւնը օգտագործէ Ուքրանիոյ մէջ «ռուսամէտ ուժերուն» զէնքերը վար դնել համոզելու համար:
Ըստ անոր, Արեւմուտքը կրնայ նոր պատժամիջոցներ որդեգրել Ռուսիոյ դէմ այն գործողութիւններուն պարագային, որոնք պիտի խանգարեն Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակի կարգաւորումը: Ան միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ Ուաշինկթըն համամիտ է Մոսկուայի հետ լաւ յարաբերութիւններուն, եթէ վերջինս հետեւի միջազգային արժէչափերուն եւ ռուս-ուքրանական լաւ յարաբերութիւններ կառուցէ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարեց նաեւ, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներէն իւրաքանչիւրը պէտք է իր ներդրումը ունենայ դաշինքի ամրապնդման գործին մէջ, եւ յայտնեց, որ Քոնկրեսէն մէկ միլիառ տոլար պիտի խնդրէ` Եւրոպայի մէջ ամերիկեան լրացուցիչ սպառազինութիւն տեղակայելու եւ մեծ թիւով ռազմափորձեր կատարելու համար:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Օպամայի նշեալ նախաձեռնութիւնը կ՛ենթադրէ ամերիկեան զօրքերու լրացուցիչ ֆինանսաւորում, ինչպէս նաեւ ուղղուած պիտի ըլլայ «ՕԹԱՆ-ին չանդամակցող պետութիւններու, ներառեալ` Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Մոլտաւիոյ կարելիութիւններու ընդլայնման»:








All the contents on this site are copyrighted ©.