2014-06-04 09:33:47

Սպանիոյ մէջ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը բողոքեն թագաւորութեան դէմ


Գերմանական «Տէօչը Վելը» կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ թագաւոր Խուան Քարլոսի գահէն հրաժարելէն ետք երկրին մէջ թագաւորութեան դէմ զանգուածային բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են:
Սպանիոյ աւելի քան 60 քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցերուն մասնակցած են տասնեակ հազարաւոր մարդիկ: Ցուցարարները կը պահանջեն որդեգրել կառավարման հանրապետական ձեւ եւ թագաւորական վարչակարգի պահպանման հարցին շուրջ հանրաքուէ:
Ըստ սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին, մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ 2 յունիսի երեկոյեան թագաւորութեան դէմ բողոքի ցոյցին մասնակցած է քսան հազար մարդ: «Այժմ ճիշդ ժամանակն է` Սպանիան դարձեալ հանրապետութիւն հռչակելու համար: Թագաւորութիւնը այսօր չափազանց հինցած է եւ բացի ատկէ, չափազանց սուղ է», ըսած է ցուցարարներէն մէկը:
Սպանական թագաւորութեան դէմ բողոքի ցոյց կատարուած է նաեւ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, ուր Պրանտենպուրկեան դարպասներուն առջեւ հաւաքուած է շուրջ 150 մարդ:







All the contents on this site are copyrighted ©.