2014-06-04 11:59:53

Գնչուներու Հովութեան պատասխանատուներու հանդիպում Վատիկանի մէջ։


Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու Քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ. 5 ե ւ 6 Յունիսին Վատիկանի մէջ գումարուած է Գնչուներու Հովութեան պատասխանատուներու համաշխարհային հաւաքը, որպէս նիւթ ունենալով` ''Եկեղեցին եւ գնչուները` Աւետարանը հռչակել արուարձաններուն մէջ''։ Երկու օր տեւող հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Սան Քալիսթօյի պալատի` Պիոս ԺԱ-ի անուան սրահին մէջ։ Հանդիպումին կը մասնակցին 26 երկինրեէ ժամանած պատգամաւորներ որոնց շարքին տասը եպիսկոպոսներ, 16 ազգային տնօրէններ։
Հանդիպումի կէտնպատակն է վերատեսել Եկեղեցւոյ գնչուներու ի սպաս Հովուական յանձնառումը, ժամանակակից աշխարհի մէջ, ու պատրաստել Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ-ի 1965ին գնչուներուն հետ ունեցած հանդիպիումի 50 ամեակի առթիւ կազմակերպուած գնչուներու միջազգային ուխտագնացութիւնը։ Յայնտենք որ Պօղոս Զ , եղաւ առաջին քահանայապետը որ հանդիպում ունեցած էր գնչուներու մէկ խումբի մը հետ։ Սուրբ ՅՊԲ, 2000-ին ներողութիւն խնդրած էր գնչուներու դէմ գործադրուած արարքներուն համար իսկ Պենետիկտոս Վաստակաւոր Քահանայապետը 2011-ի 11 յունիսին, յատուկ ունկնկդրութիւն շնորհած էր գնչուներու 1400 ներկայացուցիչներուն երանելի Սեֆերինօ Կիմերէս Մալլայի նահատակութեան մահուան 75րդ եւ ծննդեան 150րդ տարեդարձին առիթով ։
Հինգշաբթի Յունիս 5-ին կէսօրին, վերոյիշեալ հաւաքի մասնակցիները պիտի հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին։
Յայտնենք Աշխարհի գնչուներու թիւը 36 միլիոնի կը հասնի, որոնց մեծամասնութիւնը կեդրոնացած է Հնդկաստանի մէջ (18 միլիոն) եւ 12 - 15 միլիոն եւրոպայի մէջ, Րումանիա, Հունգարիա, Պուլկարիա եւ Սպանիա, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներ ու Պրազիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.