2014-06-03 10:43:24

Իսկական Մաքրասրտութիւնը


RealAudioMP3 Վերջերս, հաւատացեալ մը ինծի կը հարցնէր, թէ ինչո՞ւ այս օրերուս՝ կորսնցուցինք մեր հաւատքը Քրիստոսի անձին, մեր կապը եկեղեցւոյ հետ եւ մանաւանդ ինչո՞ւ կորսնցուցած ենք արժէքները քրիստոնէութեան, արժէքը կեանքին եւ ընտանիքին սրբութեան: Ան կը ցաւէր, որ այսօրուայ երիտասարդութիւնը հեռանալով իսկական արժէքներէն կ'ապրի պարապութեան եւ խեղճութեան մէջ:
Պատասխանս եղաւ, թէ որքան մարդս հեռանայ Եկեղեցիէն եւ իր ուսուցումներէն, այն ատէն կը ձգտի իր հաճոյքները լրացնելու եւ ապրելու ամէն տեսակ կորուստին մէջ, իր մէջ դնելով աշխարհիս պղծութիւնները եւ անաստուածութիւնները:
Աղօթելու ենք Սաղմոսերգուինին հետ. ,Ո՜վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէե: Զիս երեսէդ մի ձգեր ու քու Սուրբ հոգիդ ինծմէ մի առներե (Սաղմ. 50, 12-14):
Քրիստինեան ստեղծելու է իր սրտի կեանքին մէջ մաքուր սիրտ մը: Յիսուս մեզի միշտ կը հասկցնէ թէ որեւէ պիղծ բան մը որ դուրսէն կու գայ մեր մէջ հաստատուելու չի կրնար մեզ պիղծ դարձնել:
Հաւատքին այս հաստատութիւնը կրնայ մեզի ներկայանալ որպէս վստահութեան աղբիւր մը, ինչպէս նաեւ ձախողութիւն նշան մը: Հաւատքը կը շնորհէ մեզի այդ ուժը մեր ամէնօրեայ պղծութեան դէմ պայգարելու, քանի որ այսօրուայ աշխարհը լի է պղծութեան պատկերներով, անձերով եւ նկա-րագիրներով: Հոս կը գտնենք ձախողութեան նշանը:
Արդե՞օք մեր ներսին մէջ խէթ բաղձանքներ չունինք, ծանր վէրքեր որոնք մեզի այլ պէտքերուն կը տանի՞ն: ինչպէս Երեմեայ մարգարէն կ'ըսէր. ,Սէրը ամէն բանէ աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ: Ես՝ Տէրս միտքը կը քննեմ, սրտերը կը փորձեմ, որպէս զի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմե (Երեմեայ 17, 9-10):
Առաջին աղօթքին մէջ կրնանք Աստուծմէ խնդրել որ մեզի պէտք եղած լոյսը ցուցնէ տեսնելու մեր սրտին բարդութիւնները եւ հիւանդութիւնները: Աստուծմէ խնդրելու ենք նաեւ որ իր երեսը չդարձնէ մեզմէ եւ մեզ հետապնդէ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ:
Երբ մենք ճանչնանք մեր սրտին հիւանդու-թիւնները, այն ատեն մեր մեղքին ծանրութիւնը աւելի դիւրաւ կը հասկնանք: Ամէնքս մեղաւոր ենք, ինչպէս կ'ըսէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, եւ որովհետեւ մեղքը մեր մէջ կ'ապրի, դժբախտաբար չենք անդրադառնար այդ մեղքին հետեւանքներուն, մանաւանդ Տիրոջ հետ մեր յարաբերութեան:
Ո՜վ Յիսուս, տուր ինծի փրկութեան, ուրախութիւնը ապրելու, թող Սուրբ Հոգին ցուցնէ ինծի մաքուր սրտի իսկական ուղղութիւնը որպէս զի կարենամ վերագտնել եւ ճանչնալ մեղքերուս ծանրութիւնը:
Զիս հաստատ պահէ հասկնալու մաքուր սրտի մեծութիւնը որպէս զի իսկական աշակերտդ դառնամ իմ սրտէս հեռացնելով ամէն տեսակ պիղծ ոգիներ, արարքներ եւ դիտաւորութիւններ:
Զգալու եմ իմ պատասխանատուութիւնս իմ մեղքիս, երբ քեզմէ հեռու ըլլամ, ինծի հասկցուր թէ միշտ հրաւիրուած եմ կորսուած դիրքէս ելլելու, եւ ընդունելու քու Սէրդ եւ ողորմութիւնդ ապաշ-խարութեան խորհուրդով ուր միայն հոն կրնամ գըտ-նել իսկական խաղաղութիւնը եւ խոնարհութիւնը իմ կեանքիս: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.