2013ին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած են 21 հազար Հայեր։
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2013ին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած են 21 հազար հայեր: 27 Մայիսին
այս մասին յայտարարած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը՝ խորհրդարանին
մէջ 2013ի պետական պիւտճէի կատարման վերաբերեալ լսումներուն ընթացքին: Անոր համաձայն՝
ասիկա մեծագոյն ցուցանիշն է Հայաստանի ողջ պատմութեան ընթացքին: Վիգէն Սարգսեան նշած
է, որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած անձերուն մէկ մասը Մերձաւոր Արեւելքէն է: «Ճիշդ
է, ծագման երկիրը մեզ համար կարեւոր չէ, գլխաւորը յայտատուների անձնական գործերն են,
որոնցից իւրաքանչիւրը մանրամասն ուսումնասիրւում է», յայտարարած է Սարգսեան։ Ան դիտել
տուած է, որ կարեւոր չէ նաեւ այն, թէ արդեօք նոր քաղաքացիները կը պահպանե՞ն իրենց նախկին
քաղաքացիութիւնը: «Հայաստանի օրէնսդրութեամբ, մենք երկքաղաքացիներին դիտարկում ենք բացառապէս
որպէս Հայաստանի քաղաքացիներ, ուստի կարեւոր չէ, նա պահպանում է իր առաջին քաղաքացիութիւնը,
թէ ո»չ, յայտնած է նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը: