2014-06-02 12:03:52

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը Կարտինալ Լուրտուսամիի մահուան ի լուր։


Երկուշաբթի, 2 Յունիսին, Արեւելեան եկղեցիներու ժողովի երբեմնի նախագահ` կարտինալ Սիմոն Լուրտուսամին, իր մահկանացուն կնքեց 90 տարեկանին։ Այս առթիւ` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հեռագիր մը ուղղեց որուն մէջ յայտնեց իր ցաւակցութիւնը ու ապահովցուց իր աղօթքները։ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց երջանկայիշատակ Կարտինալին քահանայական կեանքին որ եղած է ''նուիրում Աւետարանի հռչակումին, նախ ի Հնդկաստան ու ապա Տիեզերական Եկեղեցւոյ ի սպաս''։
''Աղօթք կը բարձրացնեմ առ ողորմած Աստուած որ Անոր հոգին ընդունի Երկինքի խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ'', գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր հեռագիրին մէջ, իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր անոնց որ համախմբուած են Կարտինալ Լուրտուսամիի յուղարկաւորութեան առթիւ։
Յայտնենք որ երջանկայիշատակ Կարտինալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 5 յունիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Կարտինալական դասի աւագերէց` Կարտինալ Անճելօ Սոտանոյին։ Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի նախագահէ թաղման ու վերջին օծման կարգը։
Երջանկայիշատակ Կարտինալ Լուրտուսամին, ծնած էր 5 փերտուար 1924-ին. Հնդկաստանի Քալլէրի քաղաղքին մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած էր 21 դեկտեմբեր 1951-ին։ 1956 թուականին, Հռոմի Ուրպանիանա համալսարանին մէջ աւարտած էր եկեղեցական իրաւագիտութեան մասնագիտութիւնը։ 30 հոկտեմբեր 1985-ին նշանակուած էր Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ, մինչեւ 12 յուլիս 1991։
Կարտինալ Լուրտուսամիի վախճանումով, կարտինալական դասը ներկայիս կը հաշուէ 214 կարտինալ, որոնցմէ 119 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող կարտինալներ եւ 95-ը ոչ ընտրող։







All the contents on this site are copyrighted ©.