2014-06-02 09:19:16

Կիրակնօրեայ խօսքը. «Ե՛ս Եմ…»


Սիրելի՛ ընթերցող, «Ե՛ս եմ» (Մտթ. 14,26): Այս երկու կարճ բառերը չես գտներ այլակրօններու կարծեցեալ և չակերտեալ «սուրբ գիրքեր»-ուն մէջ, որովհետեւ այսպէս անյետսկոչելիօրէն ու բացարձակօրէն յայտարարելու հեղինակութիւնը եւ գիտակցութիւնն ունի միայն Յիսուս Քրիստոս` Աստուածամարդը լոկ, որ այսօրուան աւետարանին մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «Ձայնը», «Հովիւն» ու «Դուռը» (Յվհ. 10,1-10):
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 4,26) կը վաւերացնէ, օծեալ Մեսիան է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 6,20) կը քաջալերէ, ծովուն վրայ Քալողն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 6,35) կը վարդապետէ, Կեանքին Հացն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 6,51) կ՛երաշխաւորէ, Անմահացնողն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 8,12) կը վստահեցնէ, աշխարհին Լոյսն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛Ս եմ» (Յվհ. 8,24) կը յայտարարէ, Հօր Առաքեալն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛Ս եմ» (Յվհ. 8,28) կը յայտնէ, Հօր Կամակատարն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛Ս եմ» (Յվհ. 8,58) կը սորվեցնէ, Աստուած Անսկիզբն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 10,7) կը բացայայտէ, սիրոյ բաց Դուռն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 10,9) կը ծանուցանէ, Կեանքին Դուռն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 10,11) կը յստակացնէ, ինքնազոհ Հովիւն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 10,14) կը բացագանչէ, բարի ու քաջ Հովիւն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 11,25) կ՛ուսուցանէ, կենսատու Յարութիւնն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 12,26) կը հռչակէ, տիեզերքին Ամէնուրեքն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛Ս եմ» (Յվհ. 13,19) կը ձայնէ, Հօր Համահաւասարն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 14,3) կը զօրացնէ, մեզմէ Անբաժանելին է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 14,5) կ՛առաջնորդէ, Ճանապարհն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 14,5) կ՛իմաստաւորէ, Ճշմարտութիւնն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 14,5) կ՛ուրախացնէ, միջնորդ Կեանքն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 14,10) կը հաստատէ, Հօր Մէջը, Հայրը` Մէջն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 14,11) կը միաւորէ, Հօր Գործակատարն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 14,20) կը նախատեսէ, մեծ Օրուան Հերոսն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 15,1) կը կենսաւորէ, ճշմարիտ Որթատունկն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 15,5) կը փոխակերպէ, բերրի Որթատունկն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 17,21) կը խօսի Հօր, մեզի համար Խնդրողն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 17,24) կը հայցէ Հօրմէն, մեզի հետ Յաւերժն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 18,5) կը գիտակցի, Յիսուս Քրիստոս` Տէրն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 18,6) կը փաստէ, զգետնող Ամենահզօրն է:
Յիսուս Քրիստոս, որ «Ե՛ս եմ» (Յվհ. 18,8) կը խանդաղատի, մեզ Պաշտպանողն է:
«Ե՛ս եմ» (Մրկ. 6,50) Յիսուս Քրիստոս` ԱստուածաՄարդը, որ կը ներկայանայ իբր «Ձայնը» կիրակնօրեայ աւետարանէն, ժամանակին ու յաւերժութեան մէջ իր աննախընթաց եւ անկրկնելի ինքնութեամբ` այն Անձնաւորութիւնն է, Վարդապետը, Քարոզիչը, որուն ձայնն ու խօսքը լսողները արտայայտեցին իրենց համոզումը:
«Յիսուս երբ աւարտեց իր քարոզները, ժողովուրդը հիացած էր անոր վարդապետութեան վրայ: Կը սորվեցնէր իշխանութիւն ունեցողի պէս եւ ո՛չ` դպիրներուն նման»
(Մտթ. 7,28-29):
Մենք կը հիանա՞նք Վարդապետին խօսքերուն վրայ…
«Յիսուս ժողովարան գնաց եւ հոն կը քարոզէր: Բոլորը կը զարմանային անոր վարդապետութեան վրայ, որովհետեւ կը սորվեցնէր հեղինակութիւն ունեցող մարդուն եւ ո՛չ` դպիրներուն նման» (Մրկ. 1,21-22):
Մենք կ՛առինքնուի՞նք Քրիստոսէն…
«Յիսուս … կը սորվեցնէր անոնց: Բոլորը զարմացած էին անոր վարդապետութեան վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կը խօսէր» (Ղկ. 4,31-32):
Մենք կ՛անսա՞նք Անոր…
«Ե՛ս եմ» (Ղկ. 24,36) Յիսուս Քրիստոս` Աստուածամարդը, որ կը ներկայանայ իբրեւ «Հովիւը» կիրակնօրեայ աւետարանէն, ժամանակին ու յաւերժութեան մէջ իր աննախընթաց եւ անկրկնելի ինքնութեամբ` այն Անձնաւորութիւնն է, Դաստիարակը, Հոգեճանաչը, որուն ծանօթ են անունով բանաւոր իր ոչխարները` այսպէս անոնց հետ ունենալով անձնական յարաբերութիւն մը:
«Ան կը ճանչնայ իր ոչխարները, կը կանչէ զանոնք` իւրաքանչիւրը իր անունով»: Կը կը ճանչնայ եւ կը գուրգուրայ իր Սրտով, այսինքն կը սիրէ զանոնք: «Ոչխարներն ալ կը լսեն Անոր ձայնը»: Նոյնիսկ բազմաձայն ժխորին մէջ` «անոնք կը ճանչնան Անոր ձայնը» Ս. Գիրքին մէջ, աստուածային պաշտամունքին ատեն, Աստուծոյ Խօսքէն, անձնական աղօթքով եւ Ս. եկեղեցիին ուսուցումէն:
«Հովիւը կը քալէ ոչխարներուն առջեւէն, եւ անոնք կը հետեւին Անոր», որովհետեւ կը վստահին Անոր: Ան ինչ որ խօսի, ճի՛շդ ու կարեւո՛ր է. «Եթէ մէկը ծարաւի է, թող Ինծի գայ եւ թող խմէ: Ան, որ Ինծի կը հաւատայ, անոր ծոցէն պիտի հոսին գետեր կենսատու ջուրին» (Յվհ. 7,37-38):
«Ե՛ս եմ» (Մտթ. 22,32) Յիսուս Քրիստոս` Աստուածամարդը, որ կը ներկայանայ իբրեւ «Դուռը» կիրակնօրեայ աւետարանէն, ժամանակին ու յաւերժութեան մէջ իր աննախընթաց եւ անկրկնելի ինքնութեամբ` այն Անձնաւորութիւնն է, Մարդասէրը, Փրկիչը, որուն մօտաւորութեան մէջ ապրելակերպը մեր ուրախութիւնն է, եւ որուն հետ «նիստուկացը» մեր յաղթութիւնն է:
«Ես եմ Դուռը, եթէ մէկը մտնէ Իմ միջոցովս, պիտի փրկուի. պիտի մտնէ, պիտի ելլէ եւ սնունդ պիտի գտնէ» իր հոգիին, մտքին, կամքին, խօսքին ու գործին համար, որովհետեւ «Ես եկայ, որպէսզի մարդերը կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան»:
Եզրակացութիւնս: «Ե՛ս եմ» Յիսուս Քրիստոս «Ձայն»-ին, «Հովիւ»-ին ու «Դուռ»-ին` Աստուածամարդուն հարազատներն արժանի կ՛ըլլան ճանչնալու եւ ճանչցուելու, սիրելու եւ սիրուելու, հետեւելու եւ առաջնորդուելու, ուրախանալու եւ ուրախացնելու, ապրելու եւ միաւորուելու` համաձայն այս անսխալական Խօսքին, Բանին, որ Աստուած է. «Ոչխարներս կը լսեն ձայնս: Ես կը ճանչնամ զանոնք: Անոնք կը հետեւին Ինծի: Ես անոնց կու տամ յաւիտենական կեանքը: Անոնք երբեք պիտի չկորսուին: Ոչ մէկը կրնայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքերէս: Հայրս, որ զանոնք տուաւ Ինծի, բոլորէն մեծ է, եւ ոչ ոք կարող է բան մը յափշտակել Հօրս ձեռքէն: Հայրս եւ Ես ՄԷԿ ենք» (Յվհ. 10,27-30):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ







All the contents on this site are copyrighted ©.