2014-06-02 09:46:13

Դէպի Սարդարապատի յուշահամալիր եւ թանգարան տանող փողոցները պիտի կրեն հերոս զօրավարներու անունները


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայիսեան հերոսամարտերէն 96 տարի ետք հայ զօրավարներու հերոսութիւնը յարգանքի ու գնահատանքի կ՛արժանանայ. արդարեւ, 27 Մայիսին տեղի ունեցաւ Արմաւիրի մարզի Արաքս գիւղի փողոցներուն անուանակոչութեան հանդիսաւոր արարողութիւն: Յարգելով զօրավարներ Մովսէս Սիլիկեանի եւ Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի յիշատակը՝ Սարդարապատի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի տնօրէնութեան եւ Արաքս գիւղի գիւղապետարանի նախաձեռնութեամբ դէպի յուշահամալիր տանող մայրուղին կոչուեցաւ ռազմարուեստի երախտաւորներ Մովսէս Սիլիկեանի, իսկ դէպի թանգարան տանող ճամբան՝ Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի անուններով:
Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Արա Նազարեանը, Արաքս գիւղի գիւղապետ Ռուբէն Կարապետեանը եւ այլ անձեր: «1918 թուականի մայիսեան հերոսամարտերը Հայոց ազատագրական պայքարի առանցքային ուղենիշներն էին, որոնք կենսական նշանակութիւն ունեցան հայոց պետականութեան ձեւաւորման գործում: Թող այս ուղենիշները մեզ միշտ առաջորդեն մեր կեանքում», նշեց Արաքս գիւղի գիւղապետ Ռուբէն Կարապետեան՝ ներկայացնելով փողոցներու անուանակոչման որոշումը:
Փողոցներու անուանակոչման արարողութենէն ետք «Տուրիզմի հայկական ինստիտուտ»ի նախագահ Ռոբերտ Մինասեան Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին նուիրեց մայիսեան հերոսամարտի մասնակիցներ Յովհաննէս Բաղրամեանի անձնական նամակը եւ Զէյթունի գունդի գրագիր Արամայիս Յարութիւնեանին պատկանող փաստաթուղթեր՝ ծառայողական ցուցակը, 1915 թուականի լուսանկարը եւ այլն:








All the contents on this site are copyrighted ©.