2014-06-02 08:07:35

Ազատ արձակուեցան Քամերունի մէջ առեւանգուած իտալացի երկու քահանաները եւ քանատացի մայրապետը ։


Ի լուր Քամերունի մէջ առեւանգուած երկու իտալացի քահանաներ` Ճանանթոնիօ Ալլէկրի եւ Ճամբաոլօ Մարդա եւ քանատացի մայրապետ` Ժիլպերդ Բիւսսիէյի ազատ արձակման, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, յայտնելով թէ վերոյիշեալ կղերականներու ազատ արձակման լուրը տեղեկացուցած է Սրբազան Հօր ըսաւ թէ ''այս լուրը մեզ ուրախութեամբ կը լեցնէ''։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրոջ, ''հարցին դրական լուծումին ի տես'' ու յայտնեց թէ ''պիտի շարունակենք աղօթել ու յանձնառու ըլլալ որպէսզի` Ափրիկեան ցամաքամասի եւ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ բռնութեան, ատելութեան ու հակամարտութեան որեւէ արարք գերազանցուի''։ Հայր Լոմպարտին ապա յիշեց բոլոր այն անմեղ անձերը որոնք տակաւին կը շարունակեն թիրախ հանդիսանալ հակամարտութիւններու եւ առեւանգումներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.