Զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան մէջ իր արձանագրած մեծ յաղթանակէն
ետք կատարած իր առաջին յայտարարութեան մէջ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց. «Եգիպտոս
ետդարձ պիտի չկատարէ»: Ան ըսաւ, որ իր ձեռքը կ՛երկարէ բոլորին` տագնապներէն եւ տարակարծութիւններէն
անկախ, ինչպէս նաեւ մտադիր է յառաջիկայ հանգրուանին «երիտասարդները հանդարտեցնելու եւ
ներգրաւելու»` աւելցնելով, որ ինք բոլոր եգիպտացիները բաւարարող ազգային իսկական ընկերակցութեան
կը ձգտի: Ըստ ոչ պաշտօնական արդիւնքներու, Սիսի ապահոված է քուէներուն 92.3 առ հարիւրը,
իսկ մասնակցութեան համեմատութիւնը 47 առ հարիւր էր: